Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիմոն Զաւարեանին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ազգային Արխիւի Կեդրոնին Մէջ

October 26, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 հոկտեմբերին Հայաստանի ազգային արխիւի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս` նուիրուած Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին: Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն եւ ազգային նշանաւոր գործիչներէն մէկուն նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը արխիւային նիւթերու ցուցադրութեան ընդմէջէն կը ներկայացնէ Զաւարեանի կենսագրութիւնը եւ ծաւալած գործունէութիւնը: Այդ գործունէութիւնը առաւել իմաստալից եւ ընդգրկուն կերպով ուրուագծելու նպատակով ներկայացուած էին նաեւ կուսակցական առնչակից փաստաթուղթեր, վկայութիւններ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր:

Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց ազգային արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Ամատունի Վիրաբեանը:

Ան շեշտեց, որ արխիւը իր այս ցուցադրութեամբ կը փորձէ առաւել ամբողջականօրէն ներկայացնել 19-րդ դարու վերջերուն թափ առած ազգային ազատագրական պայքարի առաջնորդներէն մէկը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նշանաւոր գործիչին կողմէ ստեղծուած եւ անոր առնչուող այն կարեւոր փաստաթուղթերուն, որոնք կը գտնուին արխիւի տնօրէնութեան մօտ եւ այս կարեւոր առիթով ներկայացուած են հանրութեան:

Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին: Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը սոսկ յարգանքի տուրք չէ Զաւարեանի յիշատակին: «Կարեւոր է մեր օրերում, կուսակցական, պետական եւ առհասարակ հանրային շրջանակների համար Զաւարեան անհատի գործունէութեան լուսաբանումը: Զաւարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսանելի դաս են, թէ՛ բարոյական, թէ՛ քաղաքական, եւ թէ հասարակական իմաստով», շեշտեց Հ. Մարգարեան:

«Զաւարեանը համարւում էր կուսակցութեան խիղճը, նա չափանիշ էր ազնուութեան ու ինքնազոհաբերման: Զաւարեանի խօսքը խարազանող մտրակ էր նախ իր, ապա եւ ուրիշների համար, որ պահանջում էր անկեղծ նուիրում, պահանջկոտութիւն ու նաեւ ինքնաքննադատութիւն: Բարոյականութիւնը նա արժեւորում էր որպէս հիմք կուսակցական ու քաղաքական գործունէութեան համար: Այսօրուայ մեր իշխանութիւնը եւս շատ դասեր կարող է սերտել Զաւարեանի թողած ժառանգութիւնից:

«Ապակենտրոնացման սկզբունքի հիմնական գաղափարախօսներից լինելով Զաւարեանը այդ գործելակերպի հիմքում տեսնում էր կառավարման ժողովրդավար ձեւը: Դրա մէջ էր նա տեսնում կուսակցութեան ուժը, անհատների ու կառոյցների ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ, ըստ Զաւարեանի, դա մի սկզբունք է, որ հաւաքական ու ժողովրդավար կառավարման հնարաւորութիւն էր ապահովում առհասարակ: Այս իմաստով եւս Զաւարեանը լաւ ուսուցիչ է մեր օրերի համար: Եւ մասնաւորապէս մեր պետութեան համար», իր խօսքին մէջ նշեց Հրանդ Մարգարեան:

Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Հայաստանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանին: Ան անդրադարձաւ Զաւարեանի գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն, կարեւոր նկատեց անոր առանձնայատուկ դերակատարութիւնը` ազգային ազատագրական պայքարին մէջ:

Է. Մինասեան կարեւոր նկատեց նաեւ այն ցուցադրութիւնը, որուն ընդմէջէն ազգային արխիւը կրնայ պատկերացում ստեղծել Զաւարեանի անձին եւ հասարակական, ազգային ու քաղաքական գործիչին վերաբերեալ:

Ներկաները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան ցուցադրուած արխիւային նիւթերուն:

Զաւարեանի մահուան հարիւրամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ տարեվերջ:

24 հոկտեմբերին` գիտաժողովի երկրորդ օրը, ներկայացուեցան զեկոյցներ, որոնց մէջ տարբեր դիտանկիւններէ բնութագրուեցաւ Զաւարեան անհատը, գիտնականը, ազգային եւ հասարակական-քաղաքական գործիչը:

«Վէմ» հանդէսի խմբագիր, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Գէորգ Խուդինեան զեկուցեց «Սիմոն Զաւարեանը եւ ազգի բարոյական վերածննդի հիմնախնդիրը» նիւթին մասին:

Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն, տնտեսական գիտութիւններու տոքթոր Սամուէլ Աւետիսեանի զեկոյցին նիւթն էր «Սիմոն Զաւարեանի դերը հայ գիւղատնտեսական տնտեսագիտական մտքի ձեւաւորման գործում»:

ՀՅԴ կեդրոնական արխիւի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան ներկայացուց «Սիմոն Զաւարեանը եւ ՀՅԴ ապակեդրոնացումը» նիւթը:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային արխիւի գրականութեան հիմնարկի աշխատակից, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Սուսաննա Յովհաննիսեանի զեկոյցը վերնագրուած էր «Յովհաննէս Թումանեանը եւ Սիմոն Զաւարեանի գաղափարական ժառանգութիւնը»:

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի աշխատակից, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ալա Խառատեանի զեկոյցն էր «Սիմոն Զաւարեանի կերպարը արեւմտահայ գրականութեան մէջ»:

Վանաձորի պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մկրտիչ Դանիէլեան ներկայացուց «Սիմոն Զաւարեանի գործունէութեան նարոդնիկական շրջանը»:

Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի դասախօս Արթուր Ղազարեանը կարեւոր նկատեց մեծ գործիչը` որպէս «Սիմոն Զաւարեանը ընկերային արդարութեան ջատագով»:

Բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Թերեզա Շահվերդեանի եւ Վանաձորի պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս, մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Յարութիւնեանի համատեղ զեկոյցի նիւթն էր` «Սիմոն Զաւարեանի մանկավարժական հայեացքները»:

Հայաստանի զինուած ուժերու «Մայր Հայաստան» թանգարանի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Աւագ Յարութիւնեան ներկայացուց նորայայտ հեռագիրներ եւ յիշատակի խօսք, որոնց առիթը եղած է Զաւարեանի մահը: Մասնաւորապէս ներկայացուեցին Ստեփան Շահումեանի ցաւակցական հեռագիրը եւ այս առիթով գրուած Գարեգին Նժդեհի խօսքը:

Զաւարեանի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները պիտի եզրափակուին 26 հոկտեմբերին, Լոռիի մարզի Այգեհատ գիւղին մէջ` Զաւարեանի շիրիմին մօտ կայանալիք յիշատակի ձեռնարկով:

 

Նախորդը

Տինքի Սպանութեան Հարցով Հետախուզուող Էրհան Թունճել Դարձեալ Կը Ձերբակալուի

Յաջորդը

Հաստատուած Է Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Անդամակցելու Վերաբերեալ 3 Փաստաթուղթ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։