«ՌԻԱ-Նովոսթի»-ի` յղում կատարելով ԱՖՓ-ի, կը հաղորդէ, որ արաբական երկիրները Սէուտական Արաբիոյ դիմած են, որպէսզի անոնք վերանային ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամի աթոռէն հրաժարելու իրենց որոշումը:
Հինգշաբթի օր Սէուտական Արաբիան` Լիթուանիոյ, Նիկերիոյ, Չատի եւ Չիլիի կողքին ընտրուած էր Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, սակայն հրաժարած էր այդ աթոռէն` յայտարարելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի աշխատանքները ապարդիւն են:
Շաբաթ օր ՄԱԿ-ի մէջ արաբական երկիրներու ներկայացուցիչները ունեցած են արտակարգ հանդիպում մը, որուն աւարտին հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Սէուտական Արաբիոյ կոչ կ՛ուղղուի` վերանայելու իր որոշումը:


