«Ռոսպլաթ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ` 15-ամեայ գնչուհի Լէոնարտա Տիպրանիի, որուն երկրէն արտաքսումը մեծ արձագանգ գտած էր ֆրանսական հասարակութեան մէջ, առաջարկած է Ֆրանսա վերադառնալ, սակայն առանց իր ծնողներուն, եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
«Եթէ Լէոնարտան դիմում ներկայացնէ, ապա զայն պիտի բաւարարեն, սակայն միայն իր պարագային», յայտնած է Հոլլանտ: Սակայն աղջիկը մերժած է առաջարկը, որովհետեւ չ՛ուզեր իր ընտանիքը լքել:
Տիպրանիի ընտանիքը Քոսովօ արտաքսուած էր, երբ ֆրանսական իշխանութիւնները գիտցած էին, որ անոնք Ֆրանսա բնակելու փաստաթուղթեր ստանալու համար բաւարար հիմքեր չունին: Ոստիկանները աղջկան ձերբակալած են դպրոցական պտոյտի ընթացքին:
Անոր եւ 19-ամեայ ուսանող Խաչիկ Խաչատրեանի արտաքսումը Փարիզի մէջ դպրոցականներու ցոյցերու պատճառ դարձած էր:


