Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ողջունեց Թրիփոլիի բնակիչները, որոնք դարձեալ փաստած են իրենց գիտակցութիւնը, զգաստութիւնն ու յանձնառութիւնը` պետութեան իրաւունքներուն հանդէպ:
Ան բարձր գնահատեց Թրիփոլիի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ ապահովական հետաքննութիւնները կրցած են բացայայտել Թրիփոլին թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւններուն կապուած փաստերը:
Ան շնորհաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը` անոր գործած այս նուաճումին եւ այդ գործողութիւններով ամբաստանուած յանցագործի մը ձերբակալումին առիթով:
«Կը հաստատենք, որ այս առնչութեամբ դատական հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են` բացայայտելու համար այդ դէպքին հետ կապ ունեցող բոլոր մեղսակիցները», շեշտեց Միքաթի:
Միքաթի ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ իրենք անշեղ պիտի մնան ապահովական ծրագիրին գործադրութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորել` վերջ տալով Թրիփոլիի մէջ մնայուն կերպով արձանագրուող զինեալ բախումներուն, որոնք մարդկային եւ նիւթական վնասներ կը պատճառեն:


