Ատհայի տօնին առիթով, վարչապետ Թամմամ Սալամ շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ մաղթեց, որ Ատհայի օրհնութիւնները իբրեւ բարիք դրսեւորուին Լիբանանի մէջ` աշխուժացնելով երկրին ազգային կեանքն ու տնտեսութիւնը:
Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց բոլորին` պաշտպանելու Լիբանանի ազգային հիւսուածքը եւ ամրապնդելու լիբանանեան վարչակարգը, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել բոլոր դժուարութիւնները, որքան ալ բարդ ըլլան անոնք:


