Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Հոկտեմբեր 1963)

October 15, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Կեանք

ՀՄԸՄ–ի Սկաուտները Ի Պատուի

Լիբանանի Արտաքին Եւ Կրթական
Նախարարութեանց Գնահատանքը

Մարաթոնի միջազգային ճամբարին մասնակցող ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, նկարուած ՆՍՕՏՏ Խորէն Ա. կաթողիկոսին հետ, որուն օրհնութիւնը ստացած էին Յունաստան մեկնելէ առաջ:

 

 

 

 

 

 

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի կազմին Յունաստանի 11-րդ  ճամբարին մասնակցող սկաուտական «Պաալպէք» խումբը, Մարաթոնի բանակավայրին մէջ 1 օգոստոսէն մինչեւ 11 ցուցաբերած կարգապահութեան, ձեռներէցութեան, աշխատունակ ընթացքին եւ օրինակելի կեցուածքին համար Լիբանանի վերին ղեկավարութեան կողմէ լաւագոյն խումբը ըլլալու տիտղոսին արժանացած է:

Միեւնոյն ատեն, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Գպեր Հապեր մասնաւոր պաշտօնագիրով մը` ուղղուած արտաքին գործոց նախարարութեան, գովքը կը հիւսէ լիբանանեան սկաուտական խումբերուն եւ  յատկապէս շեշտը կը դնէ «Պաալպէք» խումբի սկաուտներուն վրայ, որոնք գիտցան պատշաճ կերպով իրենց բանակավայրին մէջ հիւրասիրել 68 ազգերու բարձրաստիճան ղեկավարները եւ ճամբարի կազմակերպիչները «Լիբանանի օր»-ուան առթիւ կազմակերպուած հրաւէրին:

Առ այդ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը փոխանցած է գնահատանքի գիրը կրթական նախարարութեան, որ իր հերթին կը թելադրէ սկաուտական ֆետերասիոնին պարգեւատրել ՀՄԸՄ-ի «Պաալպէք» խումբը:

Լիբանանի ֆետերասիոնը, իր վերջին նիստին, որոշեց կազմակերպել բոլոր աստիճանաւորներու եւ միութեանց ներկայացուցիչներու հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին յատկապէս պատրաստուած բաժակ մը պիտի նուիրուի «Պաալպէք» խումբի խմբապետութեան:

Դպրեվանքի Եւ Մարտիկեան
Վարժարանի Բացումը

Կիրակի 13 հոկտեմբեր 1963-ին, դպրեվանքի ուսումնական 34-րդ տարեշրջանի վերաբացումին առթիւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ:

Ներկայ էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Պատարագեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին Ծ. վրդ. Սարգիսեան, որ արտասանեց դպրեվանքի սաներուն ուղղուած հոյակապ քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց լոյսի գաղափարը: Բոլոր սաները Ս. հաղորդութիւն ստացան:

Յաւարտ Ս. պատարագի, Խորէն Ա. կաթողիկոս թափօրով առաջնորդուեցաւ նորակառոյց Մարտիկեան վարժարան, ուր հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանին բացումը:

Վեհափառ հայրապետը օրհնութեան իր խօսքը ըսաւ բարերար տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններուն, որոնց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ կառուցուեցաւ վարժարանը, ապա յաջողութեան մաղթանքներ ուղղեց վարժարանին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան Երկրորդական Վարժարան Բարե՛ւ Հայաստան

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.