Այս տարի եւս, նախորդ երկու տարիներուն օրինակով, ՀԲԸ Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի քսաներկու յառաջադէմ աշակերտներ արժանացան Հայաստան մեկնելու սքանչելի պարգեւին:
Այս իւրօրինակ ու հրաշալի նուէրին մտայղացման եւ իրագործումին սատարող հայրենասէր ամոլը` Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան զոյգն է, որոնց միշտ շնորհակալ պիտի մնան յովակիմեանցիները` իրենց նուիրուած հայրենական անմոռանալի ու ջերմ յուշերուն համար:
Այց հայրենիք, որ շատերուն համար առաջինն էր. առաջին շօշափելի, իրական ու անհաւատալի առերեսուումը սեփական հողի, հայրենակիցներու, սեփական մշակոյթի ու ինքնութեան հետ:
Սեպտեմբեր 5-ը բոլորին օրագրային գրառումներուն մէջ ուրիշ գոյն ու իմաստ ստացաւ: Օդակայանէն իսկ անհամբերութիւնն ու ներքին անզուսպ հրճուանքը իրենց անիմանալի արտայայտութիւնը ստացած էին քսաներկուքին դէմքերուն վրայ: Տիկին Հայարփիին ծանօթ էր այս երեւոյթը եւ ան իրեն յատուկ գորովով ու փորձառու ուսուցիչի վստահութեամբ իւրաքանչիւրին հետ էր, պատրաստ` հարթելու որեւէ խնդիր, որ կրնար տժգունել ուրախ ուղեւորութիւնը:
Մանկութեան օրերու «կար ու չկար»-ով սկսուող հեքիաթ կը յիշեցնէր այս ճամբորդութիւնը, մինչեւ… մինչեւ օդանաւին անիւները դղրդոցով հպեցան, ապա հաստատ արագութեամբ սլացան «Զուարթնոց» օդակայանի թռիչքուղիին երկայնքով… Վերջապէս: Կարծես ոչ թէ երկու, այլ տասը ժամ տեւած էր թռիչքը:
Անցագրային ստուգումէն ու ճամպրուկները ստանալնէն ետք բոլորը յայտնուեցան փոխադրակառքին մէջ եւ աճապարեցին հասնիլ իջեւանատուն, ուրկէ որոշած էին առաջին իսկ օրը բարձրանալ Ծիծեռնակաբերդ, սրբավայր, որ իրենց եօթնօրեայ այցին մեկնակէտը պիտի դառնար:
Խորհրդաւոր էր յուշարձան այցը, եւ քսաներկու յովակիմեանցիները, առանձին-առանձին ու խմբովին, նոյն զգացումով պարուրուեցան: Տեսակ մը նոր մկրտութեան նմանեցաւ անշէջ կրակին առջեւ լուռ ու ինքնամփոփ պահը: Մկրտութիւն, որ ամէն հայ կը ստանայ, երբ դէմ-յանդիման կը կանգնի իր հեռու-մօտիկ պատմութեան, իր հեռու-մօտիկ նահատակներուն լուռ, բայց ներաշխարհ փոթորկող իրականութեան առջեւ:
Երբ բաժնուեցան Եղեռնի յուշարձանէն, նախկին աշակերտները չէին այլեւս…
Եօթը օր… «կար ու չկար» էր իսկապէս, որպիսի՜ արագութեամբ սահեցաւ այդ շաբաթը, բայց նաեւ որպիսի՜ անջինջ տպաւորութիւններով ու յուշերով հարստացան յովակիմեանցիները: Տարիներով դպրոցական դասագիրքերէն հայոց լեզու, գրականութիւն ու պատմութիւն դասաւանդած էին իրենց ու հիմա ամէն ինչ, անհաւանական թուելու աստիճան, իրեղէն ու շօշափելի դարձած էր:
Ծաղիկներով այցի գացին Եռաբլուր, ուր կողք-կողքի են մեր անցեալ ու ներկայ յաղթանակներու կերտողները` Զօրավար Անդրանիկն ու Վազգէն Սարգսեանը, անոնց հետ նաեւ` շատ ու շատ հայ քաջազուններ, որոնց համար հայրենիքի ազատութիւնն ու սեփական ժողովուրդին արժանապատուութիւնը վե՛ր էր իրենց կեանքէն:
Այնուհետեւ օրերը յաջորդեցին իրարու եւ օրերուն հետ շղթայ կազմեցին հայոց պատմութեան հին ու նոր յաղթանակները յաւերժացնող յուշարձան-յուշակոթողները:
Հեթանոսական Գառնի, յետոյ Գեղարդ, ապա Էջմիածին` հոգեւոր կեդրոն, Գայեանէ` ճարտարապետական գոհար, հերոսական յաղթանակի ու ժողովրդական կամքի խորհրդանիշ` Սարդարապատ, Քոչարեան զարմանահրաշ արծուաքանդակ եւ ղօղանջող զանգեր, որ միշտ զգօն ու արթուն կը պահեն հայու ոգին, միջնադարեան Տաթեւիվանք, ուր դիմեցին Հալիձորէն եւ տասնմէկ վայրկեանի ընթացքին երեք հարիւր մեթր բարձրութեան ուղիով գրեթէ վեց քլ տարածք կտրեցին` վայելելով հայրենի բնութիւնն ու աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղին… Այնուհետեւ թաթխուեցան Սեւանայ լիճի կապուտակ ջուրերուն մէջ, բարձրացան Ծաղկաձոր, այցելեցին միջնադարեան Հայաստանի կրօնական ու մշակութային կեդրոն` Կեչառիսի վանային համալիր, եւ դեռ, ասոնց կողքին, բազմաթիւ համերգներ, մշակութային ձեռնարկներ, Ազգային պատկերասրահ, ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան կեդրոն, Հայկական համացանցային համալսարան, կրկին բնութիւն, Խոր Վիրապ, պղնձագոյն ժայռերու ծերպերուն թառած Նորավանք, Աշտարակ ու տառերու պուրակ, նաեւ եօթներորդ դարու Կարմրաւոր եկեղեցի, որ խեցիէն նոր հանուած մարգարիտի կը նմանի, յետոյ աշխարհի ամէնէն հարուստ ձեռագրապահոցներէն մին` Մատենադարան, այնուհետեւ ՀԱՀ եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար ճարտարագիտական կեդրոն եւ նոյնիսկ մարզադաշտ` ներկայ ըլլալու Հայաստան-Դանիա ֆութպոլի զտման մրցոյթին:
Հրաժեշտի ընթրիքի սեղանին բոլորը ուրախ ու տխուր էին միաժամանակ: Ուրախ էին, քանի որ իւրաքանչիւրը անբացատրելի հարստացած կը զգար ինքզինք եւ տխուր, քանի որ ցտեսութիւն պիտի ըսէին հայրենի հողին: Ցտեսութիւն, որ վերադարձի պահանջ ու խոստում կը պարունակէր…
Յովակիմեանցիները սրտանց երախտապարտ են ՀԲԸ Միութեան Կրթական յանձնախումբին, իրենց տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնց հետեւողական ու նուիրուած աշխատանքին շնորհիւ իրենք պատրաստ էին հայրենիքի հետ այս ջերմ ու հարազատ հանդիպման եւ բարձր կը գնահատեն իրենց ընձեռուած այս անփոխարինելի առիթը:
«Իմ քաղցրանո՜ւն, իմ բարձրանո՜ւն»,
իմ միակ ու անկրկնելի հարստութիւն…:
ՀԲԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ






