
Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումները գործելու ամբաստանութեամբ շաբաթ գիշեր Ժապալ Մըհսենի մէջ Եուսեֆ Տիապ անունով երիտասարդին ձերբակալութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը դարձեալ բռնկին ու խախտեն Թրիփոլիի մէջ հաստատուած ապահովական դիւրաբեկ կայունութիւնը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը մզկիթներուն պայթումները գործելու ամբաստանութեամբ ձերբակալեց Եուսեֆ Տիապը, որ Ժապալ Մըհսենի բնակիչ է:
Այս քայլին իբրեւ արդիւնք երկու շրջաններուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին տասնեակ մը վիրաւորներ:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալի Ֆըտտա յայտնեց, որ շաբաթ օր Ժապալ Մըհսեն հասած են վեց սովորական ինքնաշարժներ, որոնցմէ իջած են տեղեկահաւաքի բաժանմունքի շուրջ երեսուն անդամներ, որոնք ուղղակի յարձակած են Եուսեֆ Տիապի վրայ եւ անոր հասցէին ուղղած են լուտանքներ ու զայն խոշտանգած:
Ֆըտտա աւելցուց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը միլիսական ոճով կը վարուի` աւելցնելով, որ Տիապի ձերբակալումը կը նշանակէ Ժապալ Մըհսենը քաղաքականապէս ահաբեկել` նշելով, որ Տիապ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ չէ:
Ֆըտտա ընդգծեց, որ իրենք օրէնքին ենթակայ են` աւելցնելով, որ եթէ այս հարցը կարելի չըլլայ հակակշռել, ապա Թրիփոլի կ՛ուղղուի դէպի վտանգաւոր կացութիւն:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ զգուշացուց, որ Թրիփոլիի մզկիթներուն դէմ գործուած պայթումներուն յանցանքով Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները երկրին մէջ սադրանքներ կրնան հրահրել:
Այս շրջագիծին մէջ, Ուահապ կասկածի տակ առաւ մզկիթներուն պայթումին մասին տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հետաքննութիւնը եւ հարց տուաւ, որ եթէ շէյխ Ահմետ Ղարիպ այդ պայթումներուն չէ մեղսակցած, ապա ինչո՞ւ տակաւին զայն արգելափակուած կը պահեն:
Ուահապ կոչ ուղղեց Միքաթիին հրահանգելու ապահովութեան ուժերուն, որ Թրիփոլիի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնեն` մտահոգութիւն յայտնելով, որ Ատհայի տօնէն ետք կացութիւնը կրնայ վատթարանալ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի մէջ կատարուած ձերբակալութիւնները տուեալ շրջանի բնակչութեան կամ համայնքին դէմ ուղղուած ամբաստանութիւն պէտք չէ նկատել:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա իր բնակարանին մէջ նախագահեց Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան վերաբերող ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ` պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆատի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր եւ Պատըր Ուաննուս:
Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ Թրիփոլիի ապահովութիւնը վստահիլ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը կը խոչընդոտէ զինեալ երեւոյթներուն եւ քաղաքական թուլութեան նկատմամբ հովանաւորութիւնը:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին առնչութեամբ յայտնեց, որ ապահովական ծրագիրին երկրորդ հանգրուանին գործադրութիւնը քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեան կարիք ունի:


