
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ընդունեց Ժողովրդավարական վերանորոգում շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ երկրին հարցերը անձնական շահերու համաձայն դիտարկելու քայլերը` առանց նկատի ունենալու ազգային շահերն ու քաղաքական եւ ապահովական տուեալները, կը ձախողեցնեն երկրին հարցերը լուծելու ջանքերը եւ սպասողական իրավիճակ մը կը ստեղծեն:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շաբաթ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ մետաղեայ իրերու յատուկ թանգարանի բացման հանդիսութեան:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այնքան ատեն որ երկրին մշակութային մարզը զարգացումի մէջ է, Լիբանան մտահոգիչ կացութեան մէջ չի գտնուիր:
Նշենք, որ Ատհայի տօնին առիթով նախագահ Սլէյման երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն:


