Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՐՏԻԿ ԴԱՐՁԱԾ ԼԻՊԻԱՑԻ ՄԱՐԶԻԿԸ

June 14, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատերազմը կը փոխէ մարդիկը: Բայց ես վստահ չեմ, որ երբեւիցէ տեսած եմ հաւաքականութիւն մը, որ ամբողջական, համապարփակ փոփոխութեան ենթարկուած ըլլայ, այնպէս` ինչպէս հոս, յարձակումի ենթարկուող Լիպիոյ Միսրաթա քաղաքին մէջ:

Կը թուի, թէ ամէն ոք արագօրէն կը սորվի նոր աշխատանք մը:

Վերջին քանի մը օրերուն ես հանդիպեցայ դարբինի մը, որ արձակազէն եղած էր, թոշակառուի մը, որ երթեւեկի հսկիչ եղած էր, խոհարարի վերածուած տպագրիչի մը, եւ փերեզակի մը, որ գումարտակի հրամանատար եղած էր:

Բայց թերեւս ամէնէն կոկիկ, մաքուր փոխակերպութիւնը, որ նաեւ ամէնէն խորհրդանշականն է, ֆութպոլի մարզիկ, կեդրոնի յետսապահին զինուորական պաշտպանողի վերածուիլն է:

Իպրահիմ Պաշիր Շանիպահ Լիպիոյ ազգային խումբի յետսապահներէն էր:

Անոր անունը Իպրահիմ Շանիպահ է, 38-ամեայ նախկին մարզիկը անդամ էր Լիպիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, որ իր երկիրը ներկայացուց 1997-ին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած Միջերկրականեան խաղերուն:

Վերջին քանի մը տարիներուն Շանիպահ մարզիչն էր Միսրաթայի բարձրագոյն դասակարգի Սուիհիլի ակումբին:

Ես իրեն հանդիպեցայ Լիպիա ժամանած օրս, երբ ինք դուրս եկաւ Թրիփոլիի մէկ փողոցի աւերակներուն տակէն` շրջապատուած երկվեցեակ մը զինեալներով: Շանիպահ մեզ հրաւիրեց ուղտի լեարդի խորովածի, մօտակայ տան մը բակին մէջ:

Շանիպահ զինք յատկանշող սեւ գդակով, բարձրահասակ, բարեկազմ մարդ մըն էր:

Ան այստեղի կռուողներուն յոխորտանքը չունի եւ հազուադէպօրէն կը բարձրացնէ ձայնը իր ուժերուն հրահանգ տալու ատեն, որպէսզի աճապարեն Միսրաթայէն դուրս գտնուող կռիւի ճակատը:

«Խմբապետ եւ մարզիչ ըլլալու համար ղեկավարի հմտութիւն, ատակութիւն պէտք է,- ըսաւ Շանիպահ եւ աւելցուց :- Ատիկա օգտակար եղաւ, երբ կռիւը սկսաւ: Իբրեւ յետսապահ մարզիկ` ես գիտէի մրցակիցէն գնդակը խլելու (թեքլինկ) եւ քաջութեան մասին:

«Բայց կռիւի ընթացքին իմ մասիս շատ բան սորվեցայ. ինչպէս համբերատար ըլլալ եւ ինչպէս ղեկավարել բարկացած, զայրացած մարդիկ: Ասիկա գլխաւոր տարբերութիւնն է. յաւելեալ նախայարձակ ըլլալ»:

Միսրաթայի կարգ մը շրջաններուն մէջ վերահաստատուած ելեկտրականութեան հոսանքը կրնայ վերահաստատել առեւտուրը:

Շանիպահ փոխակերպուեցաւ առաջնորդի մը, որ կը ղեկավարէ ինքնաստեղծ խումբ մը կամաւորներու, որոնք շաբաթներով կռուեցան զօրավար Մուամմար Քազզաֆիի հրասայլերուն եւ հրետանիի դէմ, Թրիփոլիի շուրջը եւ փողոցներուն մէջ:

«Թերեւս ինչ որ սորվեցայ անցեալ ամսուան ընթացքին, կ՛օգնէ ինծի, որպէսզի աւելի լաւ մարզիչ մը ըլլամ:
Ի. Պ. ՇԱՆԻՊԱՀ

«Կռիւ կամ մահ էր: Երբ անոնք հասան իմ ընտանիքիս բնակարանը, ամէն ինչ փոխուեցաւ»:

Շանիպահի եղբայրը այժմ ձեւաւորած, դասաւորած է հազարաւոր բեկորներ ռումբերու եւ պատերազմը յիշեցնող իրեր` ընտանիքի կողոպտուած բջիջային հեռաձայնի վաճառատան առջեւ:

Ատիկա հաւաքավայրի մը վերածուած է բազմութիւններու համար, որոնք կու գան դիտելու զայն շրջապատող սեւ փլատակները:

Շանիպահ վերջերս, ամիսներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր երեխաները տուն վերադարձուց:

Վաճառատունէն քանի մը փողոց անդին գտնուող իրենց տունը կողոպտուած է (ակներեւօրէն` Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերու կողմէ) եւ առաստաղին վրայ առնուազն 3 խոշոր ռումբերու ծակեր կային:

Մինչ իր տղան եւ դուստրը կը դիտէին կործանումը, Շանիպահ մատնացոյց ըրաւ կոյտ մը հին նկարներու, որոնք տարածուած էին աղտոտ գորգի մը վրայ:

Նկարներէն ոմանց մէջ ինք կը տեսնուէր իր տեղական ակումբին եւ ազգային հաւաքականին տարազներով:

«Ֆութպոլը իմ գործս, աշխատանքս է,- ըսաւ ան եւ աւելցուց.- ես պիտի վերադառնամ ատոր, երբ այս բոլորը վերջ գտնեն: Ես բնաւ չէի կարծեր, թէ մարմնամարզը օգտակար կրնայ ըլլալ Քազզաֆիի դէմ կռուելու համար: Թերեւս այն- ինչ որ սորվեցայ անցեալ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, կ՛օգնէ ինծի, որպէսզի աւելի լաւ մարզիչ ըլլամ»:

ԷՆՏՐՈՒ ՀԱՐՏԻՆԿ

 

Նախորդը

ԼԻՊԻԱ 1911. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՏԱԼԱՑԻ ՕԴԱՉՈՒ ՄԸ ՍԿՍԱՒ ՕԴԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԸ

Յաջորդը

ԱԼՃԵՐԻԱ. ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵ՞ՆՉ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.