Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Համահայկական Ընկերակցութեան Կայքի Շնորհահանդէսը

October 3, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան կայքէջի շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ընկերակցութեան համանախագահներ Վահէ եւ Գոհար Թիւթիւնճեաններ, Հայաստանի կառավարութեան առընթեր ճարտարապետութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեան, Աշտարակի քաղաքապետ Արմէն Անտոնսեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» Հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան, Հայաստանի մէջ ֆրանսական Բարձրագոյն ճարտարապետական հիմնարկի հիմնախնդիրները:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց ընկերակցութեան կայքէջի ստեղծումը` հայկական ճարտարապետական միտքը միջազգային մակարդակին համաքայլ դարձնելու, անհրաժեշտ ծրագիրներու մշակման եւ զանոնք կեանքի կոչելու առումով:

Ընկերակցութեան կայքէջը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ սփիւռքի ճարտարապետներուն եւ ճարտարագէտներուն միասին աշխատելու եւ համագործակցելու, կիսելու փորձառութիւնը եւ գիտելիքները, ստեղծելու միացեալ նախագիծեր: Կայքէջը արժէքաւոր աղբիւր պիտի հանդիսանայ իւրաքանչիւր անհատի եւ այն կառոյցներուն համար, որոնք հետաքրքրուած կ՛ըլլան հայկական շինարարութեան եւ անշարժ գոյքի արդիւնաբերութեան մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ:

Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու ընկերակցութիւնը իր մասնակցութիւնը բերած է Աշտարակի մէջ սուրիահայերու համար Նոր Հալէպ թաղամասի նախագծման. այդ նախագիծը ներկայացուց ընկերակցութեան համանախագահ Գոհար Թիւթիւնճեան:

Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Արփինէ Դանիէլեան ներկայացուց ընկերակցութեան կայքէջը իր ամբողջ կարելիութիւններով, որ աշխարհի տարբեր ծայրերու ճարտարապետներուն եւ ճարտարագէտներուն համար տեղեկատուութեան փոխանակման եւ համագործակցութեան նոր եւ արդիւնաւէտ հարթակ կրնայ դառնալ: Կայքէջը այցելուներուն նաեւ հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան ծանօթանալու կարելիութիւն կ՛ընձեռէ:

Նշենք, որ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութիւնը ստեղծուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 21-24 ապրիլ 2009-ին կազմակերպուած ճարտարապետներու համահայկական առաջին համաժողովին իբրեւ արդիւնք:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Նկրտումները Կը Շարունակուին Ֆրանսահայութեան Նկատմամբ

Յաջորդը

ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Նախագահութեան Նիստին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.