Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Նկրտումները Կը Շարունակուին Ֆրանսահայութեան Նկատմամբ

October 3, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 փետրուարին սումկայիթեան սպանդի յիշատակին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած քաղաքական ձեռնարկին աւարտին պատահած միջադէպին իրաւական հոլովոյթը կը շարունակուի:

Ծանօթ է, որ օրին Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած դաւադիր գրգռութիւնը, որ կը միտէր խանգարել բարձրորակ քաղաքական ձեռնարկը, որուն ներկայ էին մեծաթիւ ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններ, յանգած էր դատական հոլովոյթի: Ազրպէյճանական կողմը փորձելով իբրեւ զոհ ներկայանալ, դատ յարուցած էր ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակին դէմ` ֆիզիքական եւ բանաւոր բռնութեան ենթարկուած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Երեք ամիս տեւած դատական այս ընթացքը մայիսին «ոչ ոքի» վճիռով փակուած էր դատախազին, ապա ընդհանուր դատախազին կողմէ:

Այժմ, ազրպէյճանական կողմը դիմած է վերադատ ատեան` հարցին վերանայման պահանջով:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանի հաստատումով, ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ հարցը հետապնդել զուտ քարոզչական եւ քաղաքական նկատառումներով, որուն թիրախը է ու կը մնայ ֆրանսահայ համայնքը, որուն դէմ աւելի քան հնգամեակէ մը ի վեր արշաւի նախաձեռնած են թրքական եւ ազրպէյճանական պաշտօնական շրջանակները` յետ հայոց ցեղասպանութեան ուրացման օրէնքի հետապնդման: Ըստ Վարժապետեանի, այս արշաւը, հակահայ այս ծրագրուած ուղեգիծը, որ կազմակերպուած է ուղղակի Անգարայէն եւ Պաքուէն, հետզհետէ պիտի սաստկանայ եւ ոչ` հակառակը: «Իսկ մենք` ֆրանսահայ բոլո՛ր հոսանքները անխտիր, միաւորուա՛ծ, պիտի շարունակենք Հայ դատի պայքարի մեր երթը, համոզուած ու առանց ընկրկումի: Ինչ կը վերաբերի յատկապէս դատական ա՛յս թղթածրարին, մենք թէ՛ իրաւական,  թէ՛ քաղաքական առումով պատրաստ ենք դիմագրաւելու զայն եւ վստահ ենք, որ ազրպէյճանական այս ու նմանօրինակ փորձերը պիտի ձախողին, նոյնիսկ եթէ սկսած են հետզհետէ աւելի լուրջ դառնալ», կ՛եզրակացնէ Վարժապետեան:

 

Նախորդը

Վերջին Օծում Եւ Թաղում Հոգելոյս Շահան Արք. Սվաճեանի

Յաջորդը

Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Համահայկական Ընկերակցութեան Կայքի Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.