
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ քիմիական զէնքի գործածութեան հարցով միջազգային հետաքննիչները Սուրիա կատարած իրենց երկրորդ այցելութեան ընթացքին քիմիական զէնքի ենթադրեալ գործածութեան բոլոր վայրերը, ներառեալ` Հալէպի մօտ գտնուող Խան Ասալ գիւղը չայցելեցին: «Խումբը չայցելեց Հալէպի արուարձաններ, ուր, ըստ մեր համոզումներուն, որովհետեւ ռուս մասնագէտները այդտեղ հետաքննութիւն կատարեցին, 19 մարտին քիմիական զէնքի գործածութեան դէպք արձանագրուեցաւ», նշեց ան` աւելցնելով, որ «Մոսկուա աշխատանք պիտի տանի Հալէպի մօտ քիմիական զէնքի գործածութեան պատասխանատուները ճշդելու»:
Լաւրով նախատեսեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը տեղի ունենայ նոյեմբերին` նշելով, որ «յստակ չէ, եթէ Արեւմուտքը պիտի կարենայ սուրիական ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2»-ին ներկայ գտնուելու համոզել»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուս մասնագէտներ պիտի մասնակցին սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքին:
Ռուսիոյ նախագահութեան դիւանապետ Սերկէյ Իվանով յայտնեց, որ «կարելի է սուրիական ողջմիտ ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2»-ին հրաւիրել եւ երկխօսութեան սկսիլ»:
Ան նշեց, որ Արեւմուտքը սկսաւ գիտակցիլ, որ պէտք է ընդդիմութեան որակաւորում մը կատարել եւ Քայիտան ու այլ ծայրայեղական խմբակները «Ժընեւ-2»-ի մասին խօսելով համոզելը դադրեցնել, ինչպէս նաեւ զանոնք չզինել:
«Եթէ Արեւմուտքը այսպէս կոչուած սուրիացիներէ կազմուած Սուրիական ժողովրդային բանակը զինէ, ապա չկայ որեւէ պատճառ, որ չմտածենք, թէ Քայիտան պարզապէս անոնց զէնքերը պիտի գրաւէ»:
«Սուրիոյ պատերազմը այլեւս կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ չէ», ըսաւ ան` նշելով, որ «ընդդիմութիւնը կազմուած է իրարմէ անկախ հինգ խմբաւորումներէ, որոնք զիրար կ՛ատեն, իսկ Սուրիոյ մէջ բոլորը իրարու դէմ կը կռուին»:
Զողպի. «Սուրիացիները Ասատի Սուրիոյ
Նախագահ Մնալը Կը Պահանջեն»
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ «Սուրիա միջազգային արժէչափերու համեմատ մեծ պետութիւն չէ, որովհետեւ հիւլէական զէնք չունի»` աւելցնելով, որ Սուրիան մեծ պետութիւն է, «որովհետեւ կրցաւ ամէնէն վատ պայմաններուն մէջ մեծ պետութիւն ըլլալ` շնորհիւ իր ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան»:
Ան նշեց, որ երկխօսութեան գաղափարը արդէն սուրիական պետութեան, կառավարութեան եւ ղեկավարութեան գաղափարն է` աւելցնելով, որ իսկական ազգային ընդդիմութեան հետ կարելի է երկխօսութիւն կատարել, «որովհետեւ անոր հետ տարակարծութիւն չունինք, այլ մեր հարցը ոչ ազգային ընդդիմութեան հետ է»:
Զողպի նաեւ ըսաւ, որ «սուրիացիները Պաշշար Ասատի` Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան նախագահ մնալը կը պահանջեն, ամերիկացիներու գործակալները ընդունին կամ չընդունին, եւ մեր ու անոնց միջեւ դատաւորը քուէատուփն է»: Ան աւելցուց, որ «վարչակարգի տապալումը նպատակ է եւ ոչ թէ քաղաքական ծրագիր»:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի քիմիական զէնքերու գործածութեան հարցով հետաքննիչներու յանձնախումբը Լիբանանէն Սուրիա մուտք գործեց: Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, անոնք 20 ինքնաշարժներով Մասնաայի սահմանային անցակէտին ճամբով Սուրիա մուտք գործած են: Անոնք երկուշաբթի օր Պէյրութ հասած էին:


