Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Հիւլէական Իրաւունքներէն Պիտի Չհրաժարինք, Այլ Զանոնք Առանց Մտահոգութիւններ Յառաջացնելու Պիտի Օգտագործենք» Ըսաւ Զարիֆ

October 2, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին մէջ պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի այն յայտարարութեան, թէ Իրանի դէմ զինուորական ընտրանքը տակաւին սեղանի վրայ է, գրած է, որ «Նախագահ Օպամայի կեցուածքները պէտք է հաստատ ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդել: Հակասութիւնները վստահութիւնը կ՛ականահարեն եւ ամերիկեան կողմին հաւաստիութիւնը կը տկարացնեն»:

Ան աւելցուց, որ «նախագահ Օպամայի այն ենթադրութիւնը, թէ Իրան բանակցելու համամիտ գտնուած է սպառնալիքներու եւ ապօրինի պատժամիջոցներուն պատճառով, իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ անարգանք կը պարունակէ»:

Օպամա անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի մէջ յայտարարեց, որ պատրաստ է իրանեան հիւլէական թղթածրարին հարցով դիւանագիտութեան առիթ տալու, սակայն ան երկուշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ըսաւ, որ բանակցութեանց ձախողութեան պարագային «պիտի չբացառենք որեւէ կարելիութիւն, ներառեալ` զինուորական ընտրանքը»` աւելցնելով, որ «շնորհիւ անցնող տարիներուն մեր կիրարկած աննախադէպ պատժամիջոցներուն, իրանցիները բանակցութեան պատրաստ դարձան»:

Նշենք, որ 15 հոկտեմբերին Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Իրանի եւ վեցեակի խմբակին միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան:

Զարիֆ «Ախպար» օրաթերթին հետ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իրան կառչած կը մնայ իր բոլոր իրաւունքներուն եւ որեւէ բանէ պիտի չզիջի, «սակայն պատրաստ ենք իրենց (ամերիկացիներուն) ունեցած կարգ մը մտավախութիւնները փարատելու: Կը կարծենք, որ շատ դիւրին է ցոյց տալ, որ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք բերելու չի ջանար: Կը կարծենք, որ հիւլէական զէնք ձեռք բերել չջանալը ցոյց տալը մեր շահերէն կը բխի: Միեւնոյն ժամանակ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգել չջանալուն գծով միջազգային ընտանիքը համոզելու համար միակ ձեւը իրանեան հողերուն մէջ խաղաղ եւ թափանցիկ (հիւլէական) աշխատանքներ ունենալու, ներառեալ` (իւրանիոմի) հարստացնելու մեր իրաւունքը ճանչնալն է: Իրանի մէջ մեր ունեցած ատակ գիտնականները, մասնագէտներն ու ճարտարագիտութիւնը կարելի է միջազգային հովանաւորութեան տակ խաղաղ կերպով օգտագործել, ուստի պատրաստ ենք ոչ թէ մեր իրաւունքներէն հրաժարելու, այլ զանոնք մտահոգութիւն չյառաջացնող ձեւով մը օգտագործելու»:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի հնոցներուն մէջ իւրանիոմի հարստացման համեմատութեան, ան ըսաւ, որ «անոնք բանակցելի հարցեր են»` նշելով, որ «մենք Իրանին պէտք եղածը կ՛ընենք, Իրանի մէջ պահանջուածը կ՛ընենք, եւ պատրաստ են զայն միջազգային ընտանիքին հետ համակարգելով կատարելու»:

Զարիֆ իրանեան պատկերասփիւռի կայանին հետ Նիւ Եորքի մէջ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Նեթանիահուի կողմէ միայն սուտեր, միջազգային հասարակական կարծիքը ապակողմնորոշելու եւ վախցնելու արարքներ տեսանք, սակայն այդ հասարակական կարծիքը այդ սուտերը առանց պատասխանի պիտի չձգէ»:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «22 տարի անցաւ, եւ սիոնական վարչակարգը կը ստէ շարունակ կրկնելով, որ վեց ամսուան ընթացքին Իրան հիւլէական ռումբ ձեռք պիտի ձգէ: Բոլոր այս տարիներէն ետք աշխարհը պէտք է գիտակցի այդ սուտերուն իսկութեան եւ արգելք հանդիսանայ անոնց կրկնութեան»:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտարարեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի այս տարի Մեքքա ուխտագնացութեան երթալ չի ծրագրեր, որովհետեւ անոր աշխատանքային օրակարգը ծանրաբեռնուած է:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Կառավարութեան Գործունէութիւնը Մասնակի Կերպով Կը Դադրի

Յաջորդը

Մոսկուա. «Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Այլեւս Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Միջեւ Չէ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.