Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Կը Խոստանայ Քիմիական Զէնքերու Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Համաձայնագիրները Յարգել

September 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իտալական «Ռայ նիուզ 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացաւ քիմիական զէնքերու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի համաձայնագիրները յարգել` նշելով, որ «մենք քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնագիրին միացանք Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին հրապարակումէն առաջ, եւ մեր քայլը ռուսական նախաձեռնութեան մէկ մասն էր եւ իբրեւ այդպիսին` մեր կամքի արտայայտութիւնը: Ուստի հարցը որոշումին առնչուած չէ, այլ մեր կամքին»:

«Մենք այդ մէկը կատարելու կամքը ունինք, որովհետեւ 2003-ին ամբողջ Միջին Արեւելքը քիմիական զէնքերէ ձերբազատելու առաջարկ մը ներկայացուցինք Ապահովութեան խորհուրդին: Անշուշտ յանձնառու պիտի մնանք այդ հարցին, որովհետեւ մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեր ստորագրած բոլոր համաձայնագիրներուն յանձնառու կը մնանք», նշեց Սուրիոյ նախագահը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ուրբաթ կէս գիշերէն ետք միաձայնութեամբ որդեգրած էր սուրիական քիմիական զէնքերու վնասազերծման վերաբերող որոշում մը, որուն որդեգրումը դիւանագիտական մեծ բեկում մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ այդ հարցին գծով որդեգրուած առաջին որոշումն է:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ միջազգային ընտանիքը «իր պարտականութիւնը կատարեց»` աւելցնելով, որ «ասիկա երկար ատենէ ի վեր Սուրիոյ մէջ յոյսի առաջին նշոյլն է»: Ան նաեւ հաստատեց, որ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերի կէսերուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա որոշումին որդեգրումը «միջազգային ընտանիքին համար մեծ յաղթանակ մը» նկատեց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի սուրիական վարչակարգը զգուշացուց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2118 բանաձեւը չյարգելու «հետեւանքներէն»:

Բանաձեւը սուրիական վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ, եթէ իր քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու հարցով իր խոստումներէն ետդարձ կատարէ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը «վերջապէս իր անունին արժանի է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին շաբաթ օր նշեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու հարցին շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը ուժի գործածութեան դիմելը չ՛արտօներ, սակայն Ապահովութեան խորհուրդը պատրաստ է պատժական տնօրինումներ որդեգրելու, եթէ Սուրիոյ վերաբերող որոշումի խախտում մը կատարուի:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան, հաղորդեց, որ Ճոն Քերրի Լաւրովին շնորհակալութիւն յայտնած է սուրիական տագնապի լուծման համար Ուաշինկթընի հետ համագործակցելուն համար:

Քերրի նշած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած որոշումը ցոյց կու տայ, որ դիւանագիտութիւնը կրնայ հզօր գործիք ըլլալ եւ կրնայ վնասազերծել պատերազմի անէնէն վտանգաւոր զէնքերը:

Նշենք, որ Քիմիական զէնքերու տարածման կազմակերպութեան գործադիր մարմինը Սուրիոյ քիմիական զէնքերէն ձերբազատուելու ծրագիրի մը շուրջ որոշում մը որդեգրած է:

ՄԱԿ-ի մէջ Բրիտանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Մարք Լէյլ Կրանթ յայտարարեց, որ «Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան որոշումը միաձայնութեամբ որդեգրուած է»:

 

Նախորդը

Կիւլ Կոչ Կ՛ուղղէ Եգիպտոսի Մէջ Ազատ Ու Արդար Ընտրութիւններ Կատարելու Եւ Քաղաքական Բանտարկեալները Ազատ Արձակելու

Յաջորդը

Ազեզի Առեւանգեալներու Հարցով. Գերմանական Գաղտնի Սպասարկութեան Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կը Ժմանանէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.