Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ նշեց, որ «Եգիպտոսի պաշտօնէն հեռացուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի ազատ արձակումը Եգիպտոսի մէջ քաղաքական կեանքին իր բնականոն վիճակին վերադառնալուն կ՛օժանդակէ»` կոչ ուղղելով «մնացեալ քաղաքական բանտարկեալները եւս ազատ արձակելու»:
Ամերիկայի արտաքին յարաբերութեան խորհուրդին հետ իր հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ան նշեց, որ «քաղաքագէտներու կամայական ձերբակալութիւններն ու քաղաքական կուսակցութեանց լուծարումը Եգիպտոսի մէջ լուծում մը չեն ապահովեր, այլ` յաւելեալ անկարգութեանց հրաւէր կ՛ուղղեն»:
Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ «Միջին Արեւելքի մէջ ոչ ոք կը շահի, եթէ եգիպտական պետութիւնը ձախողի»` աւելցնելով, որ «Եգիպտոս արաբական եւ իսլամական աշխարհի սրտին մէջ է, ուստի Եգիպտոսի յառաջ ընթանալու ուղին իր ազդեցութիւնը ունի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի վրայ»:
Կիւլ կոչ ուղղեց Եգիպտոսի մէջ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու, որոնց կը մասնակցին բոլոր կուսակցութիւններն ու քաղաքական խմբաւորումները: «Անհրաժեշտ է եգիպտացի ժողովուրդին ազատ կամքը ներկայացնող ժողովրդավարական հոլովոյթը վերականգնել», ընդգծեց ան:
Ան Եգիպտոսի մէջ քաղաքական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ փոխանցման հոլովոյթին մէջ յառաջ ընթանալու համար գործնական ուղիով ընթանալու:


