Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Ելոյթ Ունենալով`. «Իրանի Խօսքերուն Պէտք Է Հետեւին Քայլեր, Որոնք Թափանցիկ Եւ Ստուգելի Են» Ըսաւ Օպամա

September 25, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր ժողովի 68¬րդ նստաշրջանը, որուն բացումը կատարելով` ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ «ամբողջ Միջին Արեւելքի կայունութիւնը վտանգուած է»: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է երաշխաւորէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու վերահսկողութիւնն ու վնասազերծումը` աւելցնելով, որ ակնկալութեամբ կը սպասէ սուրիական քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին:

Պան Քի Մուն ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ միակ լուծումը քաղաքական փոխզիջումի միջոցով պիտի գոյանայ»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը ամբողջ շրջանին մէջ հարցեր կը ստեղծէ:

ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարը ողջունեց պաղեստինեւիսրայէլեան ուղղակի բանակցութեանց վերսկսումը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որ միջազգային ղեկավարներու շարքին  երկրորդ խօսք առնողն էր, յայտնեց, որ Իրանի կողմէ վերջերս կատարուած քայլերը պէտք է անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ «իմաստալից համաձայնութեան» մը հիմք կազմեն: Ան նշեց, որ այժմ խօսքերուն պէտք է հետեւին «քայլեր, որոնք թափանցիկ եւ ստուգելի են»:

Օպամա նկատել տուաւ, որ իր երկիրը կ’ուզէ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցը խաղաղ միջոցներով լուծել, սակայն վճռակամ է Իրանի հիւլէական զէնքի տիրանալը կանխարգիլելու: «Արգելքները կրնան շատ մեծ ըլլալ, սակայն հաստատ կերպով կը հաւատամ, որ դիւանագիտական ուղին պէտք է փորձել», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի թելադրած է համաձայնութեան մը ձգտիլ:

«Այլ ուղիով ընթանալով Իրանի իսկական յանձնառութիւնը շրջանին եւ աշխարհին համար լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ Օպամա: Ան նշեց, որ բազմահազար իրանցիներ Իրան¬Իրաք պատերազմին ընթացքին զոհ գացած են քիմիական զէնքի օգտագործումին:

Ան ընդգծեց, որ «Միացեալ նահանգներու կառավարութիւնը պատրաստ է իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները, ներառեալ` զինուորական ուժը օգտագործելու` իր խորքային շահերը պաշտպանելու համար»:

Խօսելով Եգիպտոսի մասին` ան յայտնեց, որ «որոշեցինք Եգիպտոսի մէջ որեւէ կողմի չաջակցիլ»` աւելցնելով, որ «պիտի շարունակենք եգիպտական կառավարութեան հետ մեր ուժեղ յարաբերութիւնները, սակայն կարգ մը զինուորական սարքեր մատակարարելէ դադրեցանք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ Եգիպտոսի մէջ ընդդիմութիւնը ճնշելու համար բռնի ուժ օգտագործելէ պէտք է դադրիլ, այսուհանդերձ աւելցուց, որ «Մուրսի ժողովրդավարական կերպով ընտրուած էր, սակայն ի յայտ եկաւ, որ անկարող է կամ դժկամ Եգիպտոսը կառավարելու»:

Օպամա ընդգծեց, որ «միջազգային ընտանիքը յոռեգոյնէն խուսափելու համար ինքզինք պիտի գտնէ զինուորական ուժ օգտագործելու ընտրանքին առջեւ», եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն հարցով ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի ուժեղ որոշում մը որդեգրելու` աւելցնելով, որ այդպիսի որոշում մը պէտք է «ստուգէ, որ (Ասատի) վարչակարգը (իր քիմիական զէնքերը վերահսկողութեան տակ դնելու եւ վնասազերծելու) իր խոստումները կը յարգէ»:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան կը սպառնայ: Օպամա յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը պէտք է ճշդէ իր ղեկավարը, «ոչ թէ մենք», սակայն իր ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնք օգտագործած ղեկավար մը չի կրնար իր պաշտօնին վրայ մնալ շարունակել: «Ժամանակը հասած է, որ Ռուսիա եւ Իրան համոզուին, որ Ասատի մնալուն վրայ պնդելը ծայրայեղականներու գործունէութեան աճին ճամբան պիտի հարթէ` աւելցնելով, որ այն գաղափարը, թէ Սուրիան պատերազմէն առաջուան իր վիճակին պիտի վերադառնայ, ինքնախաբէութիւն է: Ան ըսաւ, որ չափաւորական ընդդիմութիւնը պէտք է աշխատանք տանի ալեւիներն ու այլ փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու:

Կիւլ Անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ ռուս¬ամերիկեան համաձայնութիւնը, սակայն նշեց, որ անիկա Սուրիոյ մէջ սպանութեան վերջ պիտի չտայ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու վնասազերծումը իր ժողովուրդին դէմ գործած ոճիրներուն համար հաշուետուութենէն վարչակարգին փրկուիլը չի նշանակեր:

Կիւլ նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ նշեց, որ անիկա պէտք է լուծուի խաղաղ ճամբով եւ հողային ամբողջականութեան սկզբունքին հիմամբ: Ան նշեց, որ Թուրքիա ներկայացուցած էր ծրագիր մը, ըստ որուն, հայկական ուժերը հանգրուանային կերպով պէտք է հեռանան «բռնագրաւուած տարածքներէն»:

Նախորդը

«Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը Չի Կրնար ՄԱԿ-ի Ուխտի 7-րդ Յօդուածին Հիմամբ Ուժի Օգտագործումը Նշել» Ըսաւ Ռիապքով

Յաջորդը

Իր Ընդվզումը Յայտնելով Բանտերու Գերխճողումէն. Քըրթպաուի Խոստացաւ Սաստկացնել Պատժական Միջոցառումները

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.