Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը Չի Կրնար ՄԱԿ-ի Ուխտի 7-րդ Յօդուածին Հիմամբ Ուժի Օգտագործումը Նշել» Ըսաւ Ռիապքով

September 25, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Ռիապքով

«Եու.Փի.Այ.» վկայակոչելով ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ սպառնացող որոշումի մը որդեգրման մղելու ամերիկեան ջանքերը «անտրամաբանական» են:

Ան Տումայի անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ այդ որոշումը չի կրնար ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածի տրամադրութեանց տակ ուժի օգտագործում արտօնել` աւելցնելով, որ սուրիական կողմը Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման համաձայնութեան միանալով իր «բարի կամքը» հաստատեց:

ԱՖՓ` յղում կատարելով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, որ Ռիապքով նշած է, որ Դամասկոսի` իր խոստումները չյարգելուն պարագային որդեգրուելիք «շարք մը միջոցառումներու շարքին կրնայ 7-րդ յօդուածին ակնարկ մը ըլլալ», սակայն նոյն ատեն «բացառուած է, որ Ապահովութեան խորհուրդը 7-րդ յօդուածին տրամադրութեանց տակ որոշում մը որդեգրէ, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներու կամ ուժի օգտագործման մեքենայական գործադրում մը կատարուի»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչները այսօր Սուրիա պիտի վերադառնան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Արոն Լիշնուեարի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական-դիւանագիտական լուծումը այլընտրանք չունի»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ տագնապին դիւանագիտական լուծումը շրջանի կայունութեան առաջին պայմանն է»:

Միւս կողմէ, Կաթիլով հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան միջեւ գործակցութեան շուրջ տեսակէտներու մանրամասն փոխանակում մը տեղի ունեցած է եւ երկու կողմերը նաեւ քննարկած են Սուրիոյ կացութիւնը:

Փարիզ Համաձայն Է Թեհրանի «Ժընեւ-2»-ի
Մասնակցութեան, Սակայն Երկու Պայմաններով

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ «Փարիզ համաձայն է, որ Թեհրան «Ժընեւ-2»-ին մասնակցի, եթէ քանի մը պայմաններ ամբողջացնէ: Ան ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի մասնակցութեան համար ուժեղ պատճառ գոյութիւն ունի` նշելով, որ «երբ խաղաղութեան հաստատման կը ձգտինք, ապա խաղաղութիւնը մարտնչողներուն միջեւ պէտք է ըլլայ եւ Իրան տագնապին մասնակից է»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Փարիզ Թեհրանի մասնակցութեան համար երկու պայման ունի. Իրան պէտք է բացայայտ կերպով ընդունի «Ժընեւ-2»-ի նպատակը, որ առանց Պաշշար Ասատի փոխանցման համաձայնական կառավարութեան մը կազմութիւնն է:

Իրան նաեւ պիտի գիտակցի, որ Սուրիոյ հարցով իր գործակցութիւնը արեւմտեան պետութիւնները հիւլէական թղթածրարին նկատմամբ ճկունութեան պիտի չմղէ: «Իրանցիները պէտք է հասկնան, որ չինական պատ մը Սուրիոյ տագնապը եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրը  իրարմէ կը բաժնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «չեն կրնար ըսել, որ մենք համաձայն ենք սուրիական տագնապի լուծման, պայմանաւ որ հիւլէական զէնքի հարցով խիստ չըլլաք»:

«Ատիկա տեղի պիտի չունենայ: Երկու հարցերը տարբեր են», ըսաւ Ֆապիւս:

Նախորդը

Նոր Քայլ` Կիպրոսի Հարցի Լուծման Գործին Մէջ

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Ելոյթ Ունենալով`. «Իրանի Խօսքերուն Պէտք Է Հետեւին Քայլեր, Որոնք Թափանցիկ Եւ Ստուգելի Են» Ըսաւ Օպամա

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.