Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Ալիեւի Յայտարարութեան`. «Պատերազմի Պարագային Պաքուի Մէջ Արցախի Դրօշը Պիտի Ծածանի» Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան

September 24, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական հակահայկական եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները կատարած է` պնդելով, որ Ազրպէյճան պիտի յաջողի «վերականգնել պատմական արդարութիւնը» եւ իրենց դրօշը ծածանել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան նշեց, որ իրենք վաղուց դիմադրողականութիւն ունին այսպիսի յայտարարութիւններուն նկատմամբ:

«Անոր լաւագոյն պատասխանը այն է, որ մենք պէտք է ճիշդ զօրացնենք մեր զինեալ ուժերը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, քանի որ այդ թշնամանքը, որ կը քարոզուի Ազրպէյճանի մէջ, արդէն իսկ ներթափանցած է հասարակութեան բոլոր շերտերը, եւ անոնք այդպէս կը մտածեն: Բնական է, որ այսպիսի քաղաքականութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ ինչպէս տագնապի լուծման, նոյնպէս ալ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:

Ան նշեց, որ իրենք պատերազմ չեն ցանկար, քանի որ տեսած են եւ գիտեն, թէ ատիկա ինչ է: «Բայց եթէ Աստուած մի արասցէ նման բան պատահի, ապա ատիկա իսկապէս պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի վերջին պատասխանը, քանի որ մենք այս անգամ պիտի յաղթենք վերջնականապէս եւ այս անգամ մեր դրօշը պիտի ծածանի Պաքուի նախագահական նստավայրին վրայ», ըսաւ ան:

Դաւիթ Բաբայեան նշեց, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները անյարգալից վերաբերմունք են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն նկատմամբ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նամակ յղեց Իլհամ Ալիեւին, ուր կոչ ուղղած էր խաղաղ ճամբով լուծել տագնապը:

«Եւ հիմա կը տեսնենք, որ ատիկա ուղղակի ապտակ է ե՛ւ Միացեալ Նահանգներուն, ե՛ւ անոր նախագահին, ե՛ւ միջնորդներուն: Կը կարծեմ, որ այդպիսի յայտարարութիւնները պէտք չէ անպատասխան մնան: Դժբախտաբար կը տեսնենք, որ միջազգային հանրութիւնը կարծես համաձայն է եւ անոր վրայ չի կեդրոնանար», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ եթէ միջազգային չափանիշները չվերականգնին եւ Հայաստան շարունակէ «իր զաւթիչ քաղաքականութիւնը», ապա ազրպէյճանական բանակը պիտի ըսէ իր վերջնական խօսքը: Ան պնդեց, որ ազրպէյճանական բանակը ամէնէն ուժեղն է շրջանին մէջ:

Ալիեւ նաեւ յայտարարեց, թէ համոզուած է, որ օր մը իրենք պիտի բնակին իրենց «պատմական հողերուն վրայ»` Երեւանի, Սեւանի եւ Զանգեզուրի մէջ:

 

Նախորդը

Հայկական Հիմնախնդիրներու Իրազեկման Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Արթուր Բաղդասարեանի Հետ

Յաջորդը

«Հայաստանի Անկախութեան Ամրապնդումը Իւրաքանչիւր Հայուն Սրբազան Պարտաւորութիւնն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.