Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Անկախութեան Ամրապնդումը Իւրաքանչիւր Հայուն Սրբազան Պարտաւորութիւնն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 24, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 22 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք Հայաստանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առիթով, հանդիսապետութեամբ` Արամ Ա վեհափառ հայրապետին: Հանրապետական մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը յայտարարեց. «Այսօր, աղօթեցինք մեր եկեղեցիներուն մէջ, որ Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը, ամրապնդէ մեր պետականութեան հիմերը եւ բարօրութիւն շնորհէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, հայրենիքին մէջ թէ դուրս: Աղօթեցինք Հայաստանի իշխանութեան, բանակին ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար: Արդարեւ, անկախութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է` տրուած մեր ժողովուրդին, պէտք է երախտապարտ ըլլանք Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս անկախութիւն շնորհեց մեր հայրենիքին»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դժուար եղան անկախութեան վերահաստատման տարիները: Սակայն, մեր ժողովուրդը, շնորհիւ իր ունեցած ամուր հաւատքին ու վճռակամութեան, կրցաւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, եւ այսօր մեր հայրենիքին անկախութիւնը առաւել հզօրացման մէջ է: Արդ, իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է մասնակից դառնալ մեր անկախութեան սրբազան առաքելութեան: Արդարեւ, հայրենիքը սոսկ հող ու կառոյց չէ, այլ` էապէս ժողովուրդն է: Հայրենի ժողովուրդին տնտեսական կեանքի բարելաւումը եւ անոր ամուր կապուածութիւնը իր հողին` երաշխիքն են Հայաստանի անկախութեան հզօրացման: Այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատին հայրենի իշխանութիւնը, մեր եկեղեցին, սփիւռքը, որովհետեւ մեր հայրենիքի անկախութեան հզօրացումը կ՛ենթադրէ Հայաստանէն արտագաղթի կասեցումը եւ շարունակուող փտածութեան դադարեցումը: Հայրենիքի հզօրացումը նաեւ կ՛ենթադրէ մեր եկեղեցւոյ, մեր քաղաքական ու ազգային բոլոր կառոյցներուն ամբողջական մասնակցութիւնը հայրենաշինութեան նուիրական գործին»:

Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այս տեսիլքով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի անկախութեան հզօրացման եւ հայրենաշինութեան գործին, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան նուիրական գործին»:

Նախորդը

Պատասխանելով Ալիեւի Յայտարարութեան`. «Պատերազմի Պարագային Պաքուի Մէջ Արցախի Դրօշը Պիտի Ծածանի» Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան

Յաջորդը

Նախարար Նալբանդեան Պիտի Մեկնի Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.