
ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպման մասին Henaran.am-ին տեղեկացուց, որ ըստ համաձայնութեան, արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց հոլովոյթներու ընթացքը եւ պատասխանեց մօտաւորապէս հինգ պատգամաւորներու հարցումներուն: Վարդանեան նշեց, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր եւ նախարարը կ՛ըսէր, որ ինք պատրաստ է ըստ անհրաժեշտութեան հանդիպիլ պատգամաւորներուն հետ եւ բոլոր հարցումներուն պատասխանել:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինք բաւարարուա՞ծ է նախարարի պատասխաններէն, Վարդանեան ընդգծեց, որ բաւարարուածութիւնը ճիշդ բառը չէ, հասկնալի է, որ արտաքին գործոց նախարարը պատրաստ չէր շատ աւելի բաց ու հրապարակային զրոյցի մը, որուն անհրաժեշտութիւնը կար: Ըստ անոր, պատգամաւորները պիտի օգտուին այդ յարաբերութենէն եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին շրջագիծին պիտի փորձեն մտնել անոր էութեան մեջ:
Պատգամաւորին համար մէկ բան յստակ է, որ ասիկա ընդամէնը հոլովոյթին ամէնէն սկիզբն է, եւ ոչ մէկը կրնայ խօսիլ Մաքսային միութեան առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն մասին:
Ինչ կը վերաբերի Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրման, ապա Վարդանեան յայտնեց, որ Նալբանդեան ըսած է, թէ «մենք եւրոպացի մեր գործընկերներուն ըսած ենք հետեւեալը` մենք պատրաստ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով, որքան որ Եւրոպան պատրաստ ըլլայ ընդունիլ եւ որքան որ չհակասէ Մաքսային միութեան միանալու մեր որոշումին: Ինծի համար գոնէ յստակ է, որ յառաջիկային Ընկերակցութեան համաձայնագիր պիտի չկնքուի Վիլնիուսի մէջ»:


