Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մետվետեւ. «Մաքսային Միութիւնը Հայաստանի Համար Լրացուցիչ Կարելիութիւններ Պիտի Ստեղծէ»

September 12, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ 9 սեպտեմբերին իր տեղեկալներուն հետ կատարեց խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան` Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ:

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Իկոր Շուվալով յայտարարեց, որ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան առարկայական բանակցութիւնները կրնան սկսիլ արդէն հոկտեմբերին:

Ըստ Շուվալովի, 25 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի գերագոյն խորհուրդի նիստը` վարչապետներու մակարդակով, ուր եթէ բոլոր կողմերը նախնական համաձայնութեան գան Հայաստանի հետ գործակցութեան վերաբերեալ, ապա համապատասխան զեկուցում պիտի պատրաստուի երեք երկիրներու նախագահներուն համար, իսկ հոկտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստը արդէն նախագահներու մակարդակով եւ հարցը այնտեղ ալ համաձայնեցուի, այդ ժամանակ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբը պիտի սկսի բուն բանակցութիւններուն Հայաստանի հետ:

Շուվալով յայտնեց, որ արդէն իսկ հասկնալի է, որ ատիկա շատ դժուար աշխատանք պիտի ըլլայ: Ան աւելցուց, որ Հայաստան պէտք է միանայ Մաքսային միութեան օրէնսդրութեան, պարտաւորութիւններ ստանձնէ միասնական մաքսային տուրքի եւ այլ կէտերու վերաբերեալ, որուն համար որոշակի ժամանակ կը պահանջուի:

Շուվալով նշեց, որ համարկման առաջին մակարդակի հիմնական դրոյթներուն շուրջ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել արդէն մինչեւ մայիս 2014:

Մետվետեւ յայտարարեց, որ Ռուսիա հաւանութեան կ՛արժանացնէ Մաքսային միութիւն մտնելու Հայաստանի ցանկութիւնը: Ան աւելցուց, որ Ռուսիա Հայաստանի հետ շատ սերտ տնտեսական, քաղաքական կապեր ունի, եւ միացեալ ենթակառոյցի ծրագիրներ կ՛իրականացուին, իսկ Մաքսային միութիւնը, ըստ Մետվետեւի, Հայաստանի համար լրացուցիչ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ:

«Հայաստանի հարցը, սակայն, իւրայատուկ է, քանի որ ներկայիս Հայաստան սահմաններ չունի Մաքսային միութեան երկիրներուն հետ», յայտարարեց Մետվետեւ` աւելցնելով, որ Ռուսիա պատրաստ է Հայաստանի եւ Խըրխըզիստանի հետագայ համարկման, սակայն կարեւորը այն է, որ այդ երկիրները ձեռնարկեն համարկման համար անհրաժեշտ գործողութիւններուն:

Տմիթրի Մետվետեւ նաեւ յայտարարեց Մաքսային միութեան եւ Եւրոպական Միութեան անհամատեղելիութեան մասին եւ շեշտեց, որ եթէ Ուքրանիա Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիր ստորագրէ, ապա Մաքսային միութիւն մուտքը պիտի փակուի այդ երկրին համար:

Ռուսիոյ վարչապետը ընդգծեց, որ այստեղ պատրանքներ պէտք չէ ըլլան, քանի որ իրավիճակը բաւական պարզ է` Եւրոպական Միութեան երկիրներուն հետ համապատասխան փաստաթուղթերը ստորագրելէն ետք իրենց ուքրանացի գործընկերները Մաքսային միութիւն չեն կրնար մտնել:

Մետվետեւ աւելցուց, որ ասիկա առանցքային քաղաքական ընտրութիւն է, որ այսօր կը կատարէ Ուքրանիոյ ղեկավարութիւնը:

 

Նախորդը

Քերրիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Նախագահ Սլէյման Մերժեց Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Հարուածը

Յաջորդը

«Վիլնիուսի Մէջ Ընկերակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Չկնքուի» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.