Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 1-7 սեպտեմբեր ինկած ժամանակաշրջանին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է մօտ 200 անգամ:
Տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 100 կրակոց:


