ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր հաշիւները յստակացուցէք եւ ծախսերը հաւասարակշռեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Որոշում տուողը դուք էք: Հեռու կեցէք իրենց կարծիքը պարտադրողներէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դուք էք ձեր գործերը կատարողը. դէպի յառաջ, առանց չորս կողմ նայելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Վերամուտը մօտ է, ինչ որ կը մտահոգէ մանուկները: Օգնեցէք անոնց:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Որոշում մը տալը շատ դժուար պիտի ըլլայ, հետեւաբար պիտի չկարենաք կողմնորոշուիլ: Շփոթած էք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադիր պիտի ըլլաք երեխաներու բազմաթիւ կարիքներուն: Համբերութի՛ւն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լրջօրէն պիտի կատարէք ձեր աշխատանքը: Ձեր շուրջինները պիտի նկատեն այս եւ պիտի գնահատեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր գործերով զբաղեցէք: Մի՛ թուլնաք ուրիշներուն հաշուոյն, որ կը խանգարէ ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ըսէք այն, ինչ որ ունիք ձեր սրտին մէջ եւ պարտադրեցէք ուրիշներն ալ նոյնը ընել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նախաձեռնութիւններ կատարեցէք եւ յանդուգն եղէք ձեր գործերուն մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր գործի մը մէջ կազմաւորուիլը օգտակար պիտի ըլլայ: Նոյն ատեն ատիկա պիտի զարգացնէ ձեր հետաքրքրութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լքուած անձի մը պիտի օգնէք: Կատարեցէք ձեր կարելիութեան չափով: Օգնեցէք անտէր մարդոց:
