Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեանի Յայտարարութիւնը` Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ուխտի 60-ամեակին Առիթով

September 5, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կատարեց յայտարարութիւն մը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտի ուժի մէջ մտնելու 60-ամեակի առիթով: Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ 60 տարի առաջ, 3 սեպտեմբեր 1953-ին ուժի մէջ մտաւ Մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ուխտը, որ աւելի շատ ծանօթ է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտ անունով: Այս համաձայնագիրը Եւրոպայի մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անկիւնաքարն է: Նալբանդեան ընդգծեց, որ 60 տարիներու ընթացքին Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու իրաւասութեան ներքեւ գտնուող անձերը օգտուած են այս եզակի իրաւական գործիքէն:

Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի` Ուխտի պահապանի, շարք մը շրջադարձային դատավճիռները օգնած են նշանակալիօրէն ամրապնդելու մարդկային իրաւունքները, իրաւունքի գերակայութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը եւրոպական ցամաքամասին մէջ:

Նախարար Նալբանդեան իր յայտարարութեան մէջ մէջբերեց եւրոպական ուխտի հիմնադիր հայրերէն մէկուն` Փիեռ-Անրի Թայժենի այն խօսքը, թէ մէկ օրուան մէջ ժողովրդավարութիւնները չեն վատթարանար, ոչ ալ օրէնքի գերակայութիւնը կրնայ հաստատուիլ: «Մարդկային իրաւունքներու խրախուսումը շարունակական հոլովոյթ է եւ մեր ընդհանուր պատասխանատուութիւնն է ապահովել, որ եւրոպական ուխտը մնայ եւրոպական հանրային կարգի արդիւնաւէտ սահմանադրական գործիքը, ինչպէս ատիկա դարձած է տարիներու ընթացքին», նշեց նախարար Նալբանդեան:

Ան աւելցուց, որ այդ պատճառով է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը բարձր կը գնահատէ վերջերս Ուխտի 15-րդ եւ 16-րդ արձանագրութիւններու ընդունումը, որոնք կ՛ամրապնդեն մուտքագրուող գործերուն ընթացք տալու` Դատարանի կարողութիւնները եւ կը բարելաւեն ազգային մակարդակով Ուխտին կիրարկումը:

«Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն պիտի շարունակէ առաւելագոյնը ընել ապահովելու Ուխտին մէջ ամրագրուած իրաւունքներու յարգումը եւ պաշտպանութիւնը ամբողջ Եւրոպայի մէջ», ընդգծեց Նալբանդեան:

 

 

Նախորդը

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնախումբը Ստեղծուեցաւ

Յաջորդը

Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Հարցով. «Փոքր Հայաստանը Շանթաժի Ենթարկեցին» Ըսաւ Էլմար Պրոք

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։