Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Երկկողմանի Բանակցութիւններէ Ետք. Հայաստան Յայտարարեց Մաքսային Միութեան Անդամակցելու Իր Որոշումին Մասին

September 4, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ամփոփելով երէկ Ռուսիոյ նախագահին Նովօ Օկարիովոյի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները, յայտարարեցին, որ մտադիր են երկու երկիրներու համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնել:

Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փութին բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին նշած է, որ այս տարուան ընթացքին ասիկա Սարգսեանի արդէն երկրորդ այցելութիւնն է: «Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր յարաբերութիւնները այսպէս արագ ձեւով կը զարգանան եւ բոլոր ուղղութիւններով կապերը շատ յաճախակի են: Խորհրդարանի, կառավարութեան, առեւտրական կառոյցներու գծով: Արդիւնքը մեր մօտ տնտեսութեան մէջ է», յայտնեց նախագահ Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան աճը կը գերազանցէ 23 առ հարիւրը: Ըստ անոր, Ռուսիա Հայաստանի առաջին առեւտրատնտեսական գործընկերն է, եւ այդ միտումները կը շարունակուին:

Հայաստանի նախագահը իր կարգին շեշտեց, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դարաւոր աւանդութիւններու վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները հետագային եւս պիտի զարգանան փոխըմբռնման հունով` բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման մասին համաձայնագիրին հիման վրայ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ այդ յարաբերութիւնները եւ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի անոնք զարգանան:

«Ատիկա մեզի համար առաջնահերթութիւն է… Անոր հետ միասին, կան հարցեր, զորս պէտք է լուծել, որպէսզի յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրանան: Եւ այդ նպատակով ես Մոսկուա ժամանած եմ», յայտարարեց Հայաստանի նախագահը:

Ըստ «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութեան` երկու նախագահները երէկ իրենց հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ յայտնած են, որ Հայաստան մտադիր է անդամակցիլ Մաքսային միութեան եւ մասնակցութիւն ունենալ Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման:

Նախագահ Սարգսեանի այս որոշումը Փութինի կողմէ հաւանութեան արժանացած է եւ վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցիլ Հայաստանին այս գծով: Երկու երկիրները մտադիր են նաեւ զարգացնել համագործակցութիւնը ռազմաքաղաքական եւ ռազմական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ:

«Շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման նպատակով հաստատուած  է ռազմաքաղաքական եւ ռազմական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման եւ փոխադարձ գործակցութեան կատարելագործման երկկողմանի պատրաստակամութիւն», կ՛ըսուի երկու նախագահներուն բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք ընդունուած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրները պատրաստ են իրագործելու գոյութիւն ունեցող երկկողմանի նախագիծերը` ուղղուած Հայաստանի տնտեսութեան արդիականացման եւ ուժանիւթի ապահովութեան ամրապնդման:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներուն յայտնեց, որ Երեւանի մէջ հաւանաբար բացուին Մոսկուայի համալսարանի մասնաճիւղ եւ ռուսալեզու բարձրագոյն վարժարան:

Ան նշեց, որ արդէն մեծ փորձառութիւն կայ` երկու երկիրներուն միջեւ կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առումով: Ըստ Փութինի, խօսքը կը վերաբերի ռուս-հայկական համալսարանի եւ ռուսական համալսարաններու 6 մասնաճիւղերուն, որոնց մէջ կ՛ուսանին աւելի քան 2000 ուսանողներ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուան յոյս ունի, որ Մաքսային միութեան բոլոր անդամները հաւանութիւն պիտի տան Երեւանի որոշումին` միանալու այդ միութեան:

«Ուժի մէջ կը մտնեն ընթացակարգեր, որոնք գոյութիւն ունին Մաքսային միութեան մէջ` դիմում երեք հիմնադիր պետութիւններու ղեկավարութեան, եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին: Ատիկա արդէն բանակցութիւններու առարկայ է: Սակայն քաղաքական որոշումը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ ընդունուած է: Յոյս ունինք, որ անոր հաւանութիւն տան Մաքսային միութեան բոլոր անդամները», ըսաւ Լաւրով:

Եւրոպայի Կոպիտ Արձագանգը

Եւրոպական Միութեան նախագահող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուս ԱՖՓ լրատու գործակալութեան ըսաւ, որ «Հայաստանը ընտրելով Ռուսիոյ հետ Մաքսային միութեան տարբերակը արգելակեց Եւրոպական Միութեան հետ Ազատ առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիր կնքելու կարելիութիւնը»:

«Մենք կը յարգենք որեւէ երկրի ընտրութիւնը, սակայն անոնք չեն կրնար միաժամանակ ընտրել երկու կազմակերպութիւնները` տարբեր մաքսային քաղաքականութիւններու պատճառով: Անոնք անհամատեղելի են», նշեց ան:

Նախորդը

«Այո, Ես Ստացել Եմ Հայաստանին Արտասահմանում Ներկայացնելու Առաջարկ». Վահան Յովհաննիսեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.