Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խորհրդարանին Մէջ Բազմիցս Արծարծուած Է Համալսարաններու Կրթաթոշակները Բարձրացնելու Նիւթը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

August 22, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան

«Բացարձակապէս համաձայն չեմ պարոն Դաւթեանի` վերմակը մեր վրայ քաշելու ձեւակերպումին հետ: Կը կարծեմ, որ անյաջող ձեւակերպում կատարած է», «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` հակադարձելով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Արտակ Դաւթեանին:

«Քաղաքական ուժերը ունին իրենց շահերը, եւ շատ յաճախ անոնց կուսակցական շահերը, դժբախտաբար, ո՛չ պետական, ո՛չ հանրային շահերուն հետ կը համընկնին: Համալսարաններու նախագահները ապրիլ-մայիս ամիսներուն ընթացքին որոշում տուած էին կրթաթոշակներու բարձրացում կատարելու, բայց այդ ընթացքին քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը այդ հարցով խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու հարց դրաւ եւ առաջարկեց հարցը քննարկել: Կը սպասէին, որ ըլլար քաղաքացիական շարժում, բողոքող որոշակի զանգուած, որ փորձէին վերմակը իրենց վրա՞յ քաշել: Չեմ ուզեր այլ որակումներ տալ, բայց փաստը ինքնին բաւական խօսուն է», «Հայոց աշխարհ»-ին հետ հարցազրոյցին ընթացքին խօսելով ՀՅԴ եւ Ժառանգութիւն խորհրդարանական խմբակցութիւններուն` համալսարաններու կրթաթոշակները թանկացնելու հարցին նիւթով խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու նախաձեռնութեան մասին յայտնած էր Դաւթեան:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ խորհրդարանին մէջ բազմիցս արծարծուած է համալսարաններու կրթաթոշակներու բարձրացման նիւթը, մասնաւորաբար` Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնախումբին մէջ:

Վարդանեան նաեւ աւելցուց, որ այն գործիչները, որոնք այսօր կը պայքարին կրթաթոշակներու բարձրացման դէմ, իրենք առաջարկած էին, որպէսզի խորհրդարանին մէջ լսումներ կատարուին, Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնն ալ ընդառաջած էին այդ ցանկութեան: Ըստ Վարդանեանի, այստեղ այլ բան տեսնելը բարեկիրթ չէ:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ եթէ գործիչներու առաջարկը չըլլար, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը այդ նախաձեռնութիւնը պիտի չցուցաբերէ՞ր, Վարդանեան «սխալ» որակեց զայն` աւելցնելով, որ իրենք հարցը խորհրդարանին մէջ արծարծած են` յանձնախումբի քննարկումներէն սկսեալ:

 

Նախորդը

Ապահովութեան Վատթարացման Մղձաւանջի Մթնոլորտին Մէջ. Երկրի Պատկան Մարմինները Զօրաշարժի Մատնուած Են Կայունութեան Հաստատման Նախանձախնդրութեամբ

Յաջորդը

Եւրոպահայութեան Երրորդ Համագումարին Ընդառաջ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։