Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2012-ին Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Քաթար Եւ Արաբական Էմիրութիւններ Գաղտնի Համաձայնագրով Մը Կը Ծրագրէին Տապալել Ասատի Վարչակարգը Եւ Ստեղծել «Նոր Սուրիա»-ն

July 23, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տաուտ Ռամմալ լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի 10 յուլիսի թիւին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ լիբանանցիները առայժմ Քաթարի մէջ իշխանափոխութեան հետեւանքներուն մասին չեն մտածած, թերեւս որովհետեւ Եգիպտոսի իրադարձութիւնները իրենց վրայ կեդրոնացուցած են լուսարձակները կամ լիբանանցիները շատ զգուշ են քաթարեան նոր կացութեան վերաբերեալ գնահատականներ տալու, որովհետեւ այդ փոքր իշխանապետութեան մէջ շահեր ունին:

Ռամմալ կը գրէ, որ Քաթարի մէջ փոփոխութիւնը գործնական գետնի վրայ տապալումն է Քաթարի նախկին իշխանին հրապարակային ու գաղտնի յանձնառութեանց եւ կնքած համաձայնութիւններուն, մասնաւորաբար, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք եկող հանգրուանին, շուրջ 10 կէտերէ բաղկացած գաղտնի համաձայնութեան, որ գոյացած էր նոյեմբեր 2012-ին, Տոհայի մէջ, Սուրիոյ ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Ըստ տեղեկութեանց, համաձայնութիւնը գոյացած էր Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի, անոր թուրք ու էմիրաթցի պաշտօնակիցներ Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի, Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Ֆորտի, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ռիատ Սայֆի եւ Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ղեկավար Մոհամետ Ռիատ Շաքաֆահի միջեւ:

Ստորեւ` Ասատի տապալումէն ետք գործադրուելիք քայլերուն շուրջ համաձայնութեան կէտերը.

1.- Սուրիական բանակի զինուորներուն թիւը 600 հազարէն 100 հազարի նուազեցնել:

2.- Նոր վարչակարգով Սուրիան Կոլանի բարձրունքներուն վերատիրանալու իրաւասու է միայն դիւանագիտական եւ քաղաքական միջոցներով, իսկ ռազմական որեւէ քայլ կը բացառուի:

3.- Ուաշինկթընի, Եւրոպական Միութեան եւ Քաթարի հովանաւորութեամբ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կը կնքուի: Ջուրի խողովակաշար մը Թուրքիոյ «Աթաթուրք» ամբարտակէն սուրիական տարածքով կ՛երկարի մինչեւ Իսրայէլ:

4.- Ուաշինկթընի հսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ սուրիական նոր վարչակարգը կը ձերբազատի բոլոր քիմիական ու կենսաբանական զէնքերէն, ինչպէս նաեւ` ամէն տեսակի հրթիռներէն:

5.- Սուրիական նոր վարչակարգը գրաւոր կերպով կը հաստատէ, թէ կը հրաժարի 1939-ին ֆրանսացիներու կողմէ Թուրքիոյ յանձնուած սուրիական Ալեքսանտրեթի տարածքի պահանջէն, ինչպէս նաեւ Հալէպի ու Իտլիպի մէջ թիւրքմէններով բնակուած կարգ մը սահմանամերձ գիւղաքաղաքներ կը զիջի Թուրքիոյ: Աւելի՛ն. ՔԱԿ-ի բոլոր զինեալները կը վտարուին, փախստականները կը յանձնուին եւ ՔԱԿ սեւ ցանկի վրայ կ՛առնուի:

6.- Սուրիական վարչակարգը չեղեալ կը հռչակէ հողի ընդերքի հարստութեանց պեղման եւ զէնքերու գնման ռուսական եւ չինական ընկերութիւններու հետ բոլոր նախկին համաձայնութիւնները:

7.- Քաթարին կ՛արտօնուի սուրիական տարածքներէն անցնող եւ Թուրքիա եւ այդտեղէն Եւրոպա հասնող բնական կազի խողովակաշար մը կառուցել:

8.- Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը խոստանան վերակառուցել Սուրիան, պայմանաւ որ սուրիական հողերուն եւ Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի եւ քարիւղի պեղման իրաւունքը միայն քաթարեան եւ էմիրաթական ընկերութիւններու վերապահուի:

9.- Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը սահմանափակուին, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ու պաղեստինեան շարժումներու սուրիական զօրակցութիւնը կը դադրեցուի:

10.- Սուրիոյ մէջ կը հաստատուի իսլամական ոչ արմատական վարչակարգ մը, որուն ղեկավարները այս համաձայնութեան պայմանները գործադրելու կը սկսին, անմիջապէս որ ընդդիմութիւնը իշխանութեան հասնի:

Նշեալ համաձայնութիւնը կնքած կողմերը օրին կը նախատեսէին, որ սուրիական վարչակարգը ապրիլ եւ մայիս 2013-ի միջեւ պիտի տապալի: Հասանելի դարձած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ գետնի վրայ զարգացումները, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Քուսէյր քաղաքին անկումով, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդային ցոյցերը, ինչպէս նաեւ ռուսական արդէն իսկ կարծր կեցուածքին մագլցումը ռազմական հաւասարակշռութիւնը շրջեցին: Աւելի՛ն. այն իրողութիւնը, որ Ասատի վարչակարգը նախատեսուած ամիսներուն ընթացքին չտապալեցաւ Տոհայի ծրագիրը ձախողութեան մատնեց:

Քաթարի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը 2013-ի գարնան վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ, որմէ ետք Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու իշխանութիւնը տապալեցաւ: Բայցեւայնպէս, կը գրէ Տաուտ, ասիկա չի նշանակէր, որ Սուրիա քաղաքական նոր վարչակարգի մը իշխանութեան տակ քաղաքական փոփոխութենէն պաշտպանուած է, իսկ այդ նոր վարչակարգը պիտի սկսի ուրուագծուիլ 2014-ի սկիզբը:

Նախորդը

Օպամայի Վարչակազմը «Մարշալ Ծրագիր» Մը Կը Պատրաստէ Սուրիոյ Վերաշինութեան Համար, Սակայն` Ոչ Սուրիացիներուն Համար

Յաջորդը

«Կը Դիմագրաւենք Դիւանագիտական Ցեղասպանութեան Պարագայ՝ Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Դէմ». Հարցազրոյց Ֆրանսայի Խորհրդարանի Անդամ Վալերի Պուայէի Հետ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.