Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Սահմանադրութեան Նախագիծի Պատրաստութեան Յանձնախումբը Սկսաւ Իր Աշխատանքին. «Տեղեկութիւններդ Բաւարար Չեն, Եւ Եգիպտոսի Մասին Անպատշաճ Ձեւով Մի՛ Խօսիր» Կը Թելադրէ Պեպլաուի

July 22, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հազեմ Պեպլաուի

Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջեց ջղագրգիռ չդառնալ կամ Եգիպտոսի մասին անպատշաճ ձեւով չխօսիլ:

Եգիպտական «Ուաֆտ» կայքէջը հաղորդեց, որ Պեպլաուի, պատասխանելով 30 յունիսի ցոյցերուն վերաբերեալ Էրտողանի արտայայտութեանց, յայտնած է, որ Էրտողանի տեղեկութիւնները բաւարար չեն, եւ ջղագրգռուելու կամ անպատշաճ ձեւով խօսելու կարիք չկայ:

Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ դիւանագիտական պատասխանատու աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ Եգիպտոս Թուրքիոյ կողմէ իր ներքին հարցերուն միջամտութեան եւ 30 յունիսի իրադարձութիւնները զինուորական յեղաշրջում նկատելուն համար լրջօրէն կը քննարկէ Թուրքիոյ դէմ իր բողոքի քայլերուն մէջ մագլցումի դիմելու հարցը:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Եգիպտոս կրնայ ստիպուիլ Անգարայի մէջ իր դեսպանը տուն կանչել, Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը անբաղձալի անձ յայտարարել: «Եթէ Թուրքիա Եգիպտոսի նկատմամբ այս քաղաքականութիւնը շարունակէ, ապա յարաբերութեանց մակարդակի նուազումը կամ խզումը բացառուած չէ», ընդգծած են աղբիւրները:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի նշանակած եւ 10 իրաւաբաններէ բաղկացած յանձնախումբը երէկ սկսաւ Եգիպտոսի սահմանադրութեան բարեփոխման աշխատանքին:

Անոնք խորհրդարանական եւ նախագահական նոր ընտրութիւններու ճամբան հարթող սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու համար 30 օրուան պայմանաժամ մը ունին:

Իսլամական նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կառավարութեան կողմէ պատրաստուած սահմանադրութիւնը սառեցուած է: Անոր անդամակցած Իսլամ եղբայրներու շարժումը կը դատապարտէ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու քայլը:

Շարժումը կը մերժէ ճանչնալ նոր վարչակազմը, սակայն վարչապետ Պեպլաուի շաբաթ օր պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յոյս յայտնեց, որ բոլորը մասնակցին ազգային երկխօսութեան: «Չենք կրնար սահմանադրութիւն մը պատրաստել, երբ երկիրը պառակտուած է: Պէտք է համերաշխութեան մթնոլորտին վերադառնանք», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը շաբաթ օր Գահիրէ այցելելով հանդիպում ունեցաւ նախագահ Մանսուրի հետ եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց «եգիպտական ազգային ընտրանքներուն»: Ան առաջին արաբ ղեկավարն է, որ Մուրսիի տապալումէն ետք Եգիպտոս կ՛այցելէ:

Նշենք, որ Յորդանանի թագաւորը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ եւ անոր հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, Միջին Արեւելքի զարգացումները եւ հասարակաց հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցեր:

Նախորդը

Սուրիոյ Քիւրտերը «Ինքնակառավարման Սահմանադրութեան» Նախագիծ Մը Կը Ներկայացնեն

Յաջորդը

Պելճիքայի Թագաւորը Գահը Կը Զիջի Իր Որդիին

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։