Աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ քիւրտ մասնագէտներ եւ փաստաբաններ «Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժամանակաւոր կառավարման սահմանադրութեան» նախագիծ մը ներկայացուցած են, որպէսզի քննարկուի քրտական եւ արաբական կուսակցութիւններուն կողմէ եւ իր վերջնական տարբերակին մէջ Սուրիոյ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած շրջանին մէջ հանրաքուէի դրուի:
Նախագիծը կը նախատեսէ «ինքնակառավարման ժողովրդավարական կառավարութիւն» մը, որ բաղկացած է 21 նախարարութիւններէ, ներառեալ` պաշտպանութեան, ելեւմուտքի եւ ներքին, սակայն ոչ արտաքին:
Կ՛առաջարկուի նաեւ ճշդել դրօշ մը, ինչպէս նաեւ քայլերգ մը: Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Քամիշլին պիտի ըլլայ «ինքնակառավարման շրջանին» մայրաքաղաքը:
Ըստ «Արեւմտեան Քիւրտիստանի խորհրդարան»-ի բանբեր Շիրզատ Եզիտիի, շրջանին մէջ նախատեսուած ինքնակառավարումը Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ համակեցութեան բնորդ մը պիտի ըլլայ եւ շրջանի հարցերը պիտի վարէ ապակեդրոնացման սկզբունքին հիմամբ:
Մինչ այդ, քրտական ուժերը իսլամական ուժերուն հետ երէկ գոյացած զինադուլի մը համաձայնութեան ծիրին մէջ ազատ արձակեցին Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան ղեկավար Ապու Մասաապը, որուն փոխարէն սուրիական ընդդիմադիր ուժերը խոստացան ազատ արձակել փոխանակման նպատակով իրենց պատանդ վերցուցած հարիւրաւոր քիւրտերը:
Միւս կողմէ, թրքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ թրքական զինուորական պատրաստութիւններուն նպատակը հիւսիսային Սուրիա ներխուժումը չէ, սակայն անոնք պատգամներ են առ որ անկ է, թէ Անգարա իր ազգային ապահովութեան վերաբերող հարցերուն նկատմամբ խիստ պիտի ըլլայ:
Պատասխանելով իր սահմանին վրայ քրտական գոյացութեան մը կազմութեան արգելք հանդիսանալու համար Թուրքիոյ քայլերուն մասին հարցումի մը` աղբիւրները նշեցին, որ «թրքական կառավարութիւնը խորհրդարանին կողմէ լիազօրուած է սուրիական հողեր մուտք գործելու, եթէ լուրջ վտանգներ գոյութիւն ունին»:
Մինչ այդ, երէկ Հալէպի նահանգին մէջ գտնուող օդանաւերուն մօտ բախումները վերսկսան: Բուռն բախումներ տեղի ունեցան նաեւ արեւելեան Հալէպի Սիւլէյման Հալապի թաղամասին մէջ:
Միւս կողմէ, արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ հարցերը դէպի Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի կայացում կ՛ուղղուին: Կը նախատեսուի, որ ժողովը տեղի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն` Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ:


