Պելճիքայի Ալպեր Բ. թագաւորը երէկ իր գահը պաշտօնապէս զիջեցաւ իր որդիին` Ֆիլիփ իշխանին:
79 տարեկան թագաւորը, Պրիւքսէլի թագաւորական պալատին մէջ ստորագրեց գահէն հրաժարելու պաշտօնական փաստաթուղթ մը: Ան պելճիքացիներուն կոչ ուղղեց իրենց նոր թագաւորին գործօն աջակցութիւն ցուցաբերելու: Ան նաեւ կոչ ուղղեց Պելճիքայի միութիւնը պահպանելու:
Իշխան ֆիլիփ իբրեւ թագաւոր իր երդումը կատարեց երկրին պաշտօնական երեք լեզուներով` հոլանտերէնով, ֆրանսերէնով եւ գերմաներէնով:


