
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող բանաձեւի հեղինակ Ֆրետերիք Նայլ կոչ ուղղեց գործարկելու Ստեփանակերտի օդակայանը եւ յարգելու Արցախի ժողովուրդի ազատօրէն եւ ապահով տեղաշարժման իրաւունքը:
Ըստ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան, այս մասին աւստրալիացի խորհրդարանականը յայտարարեց վերջերս Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելած Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանական պատուիրակութեան` 18 յուլիսի ասուլիսին ժամանակ:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է գտնուիլ Հայաստանի մէջ: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը մշտապէս մեր սրտերուն մէջ եղած են® Երէկ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած մեր այցելութեան ընթացքին շատ կարեւոր հանգամանք մը գրաւեց ուշադրութիւնս` Լեռնային Ղարաբաղի մեկուսացուածութիւնը արտաքին աշխարհէն: Կը կարծեմ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին գերակայութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ քաղաքացիական օդանաւորդութեան եւ միջազգային օդակայանի կառուցումը: Արդէն աւարտած են Ստեփանակերտի օդակայանի կառուցման աշխատանքները եւ տեղի ունեցած է անոր բացումը, բայց օդակայանը տակաւին չէ գործարկուած: Անհրաժեշտ է բաց հաղորդակցութեան կարելիութիւն ստեղծել Լեռնային Ղարաղաղի ժողովուրդին համար` խթանելով հանրապետութեան արդիւնաբերական զարգացումը եւ յատկապէս զբօսաշրջութիւնը», նշեց Ֆրետերիք Նայլ` խոստանալով, որ իբրեւ Աւստրալիոյ քրիստոնէական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ պիտի աշխատի իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու այդ խնդիրին լուծման:
«Մենք կ՛ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր կը յարգուին մարդոց ազատ ինքնորոշման իրաւունքները. Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պարագային եւս որեւէ տարբերութիւն պէտք չէ ըլլայ», յայտնեց խորհրդարանական Տեւիտ Քլայք, որ յատկապէս տպաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ցուցաբերած տոկունութեամբ եւ քաջութեամբ: «Այդ խիզախ ժողովուրդը յաջողած է աւերակներու վրայ կառուցել զարգացած եւ բարգաւաճ հանրապետութիւն: Փոքրաթիւ շէնքերու կարելի էր հանդիպիլ, որոնք վերակառուցուած չէին տակաւին», լրագրողներուն հետ իր տպաւորութիւնները կիսեց խորհրդարանականը:
Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Հայ-աւստրալիական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճոնաթան Օ’տեյն իր կարգին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մեծ զարգացում ապրած է` արժանապատուութեամբ պատասխանելով բոլոր մարտահրաւէրներուն: «Այժմ մենք մեր ընկերութիւնը եւ բարեկամութիւնը կ՛առաջարկենք` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի միջազգայնացման գործին մէջ: Դժուար է նահանգային խորհրդարանի համար միջազգային տարողութեամբ խնդիրներ բարձրացնել եւ գործունէութիւն ծաւալել, սակայն մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները` աջակցելու Արցախին եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին», ըսաւ պատուիրակութեան ղեկավարը:
Արցախի զարգացման հիացմունքով անդրադարձաւ նաեւ աւստրալիահայ երեսփոխան, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարար Քլավիս Պերեճիքեան` այցելութիւնը կարեւոր նկատելով նաեւ անով, որ երեսփոխանները այսուհետեւ կրնան միջազգային բեմերուն վրայ վկայել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդավար հանրապետութեան արձանագրած յառաջընթացին մասին եւ իրենց տպաւորութիւնները փոխանցել Աւստրալիոյ եւ միւս երկիրներու իրենց գործընկերներուն: Պերեճիքեան Լեռնային Ղարաբաղ այցելած էր նաեւ ութ տարի առաջ:
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական եօթը հոգինոց պատուիրակութիւնը` Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հայաստան ժամանեց 12 յուլիսին: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր, որ հայկական հարցի լուծման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցող այս երեսփոխանները իրենց աչքով տեսնեն Հայաստանը, ծանօթանան հայկական բազմադարեան մշակոյթին եւ պատմութեան եւ վերադառնալով` աւելի մեծ ոգեւորութեամբ շարունակեն իրենց հայանպաստ գործունէութիւնը Աւստրալիոյ մէջ: Եօթը օրուան այցելութեան ընթացքին` պատուիրակութեան անդամները բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու:


