
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ 17 յուլիսին պաշտօնական այցելութեամբ Թիֆլիս մեկնած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի հետ:
Հանդիպման յաջորդած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները Վրաստանի կառավարութեան համար առաջնահերթ են եւ կարեւոր նշանակութիւն ունին շրջանային անվտանգութեան ապահովման համար:
«Այսօրուան հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք երկկողմանի համագործակցութիւնը եւ համաձայնեցանք, որ ատիկա պիտի ընթանայ ըստ ծրագիրին, որ ընդունեցինք 2013 թուականին: Խօսեցանք նաեւ այն առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնք պիտի նշուին մեր երկիրներուն մէջ 2014 թուականին: Կը ցանկամ յատկապէս շեշտել, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները մեր կառավարութեան համար առաջնահերթ են», յայտարարեց Ալասանիա:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր կարգին յայտնեց, որ կողմերը քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ անվտանգութեան խնդիրները:
«Մենք մեծ նշանակութիւն կու տանք Վրաստանի հետ յարաբերութիւններուն, քանի որ մեր երկիրները կապուած են պատմական եւ բազմադարեան բարեկամութեամբ: Կը Կարծեմ, որ այդ հիմքերը մեզի համար որոշակի ազդակ պիտի ըլլան` պաշտպանական մարզին մէջ մեր յարաբերութիւններուն զարգացման համար», ընդգծեց Օհանեան:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հանդիպումը Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ռազմավարութիւնը:


