«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ օր հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ անցեալ շաբաթ Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդաւոր պայթումը ցամաք-ծով արդիական հրթիռներու դիրքերու դէմ կատարուած իսրայէլեան օդային հարուածի մը պատճառով էր:
Ամերիկացի երեք պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին, որ 5 յուլիսին տեղի ունեցած յարձակումին թիրախը ռուսական «Եախունթ» տիպի հրթիռներ էին, որոնք իսրայէլեան ծովուժին համար վտանգ մը կը նկատուին:
«Սի.Էն.Էն.» նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ մօտէն կը հետեւին Սուրիոյ ռուսական զէնքերու մատակարարման. առայժմ թեթեւ զէնքեր ու զինամթերք Սուրիա հասած են եւ ոչ թէ Դամասկոսի սպասած ծանր զէնքերը կամ ուղղաթիռները:
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ այդ պայթումը իսրայէլեան սուզանաւի մը կողմէ Լաթաքիոյ մէջ զէնքի պահեստանոցներու դէմ կատարուած յարձակում մըն էր:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ իսրայէլացի քաղաքական պաշտօնատար մը յայտնած է, որ իր երկիրը զայրացած է Լաթաքիոյ մէջ կատարուած յարձակումին մասին տեղեկութեանց սպրդումէն: Իսրայէլեան կողմեր կը յայտնեն, որ իսրայէլացի պաշտօնատարները չեն բացառեր, որ Սուրիա կամ Ռուսիա այդ յարձակումին հակադարձեն` աւելցնելով, որ Իսրայէլ մեծապէս մտահոգ է, որ Ռուսիա քաջ կը գիտակցի, որ այն զէնքերը, զորս Սուրիոյ կը տրամադրէ, կրնան Հըզպալլայի ձեռքը անցնիլ, եւ հակառակ ատոր կը շարունակէ սուրիական վարչակարգին զէնք մատակարարել:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը ցամաք-ծով հրթիռներ պարունակող երեք պահեստանոցներ էին, առաջինը Հալէպի դէմ Սուրիոյ բանակի եւ Հըզպալլայի յարձակումէն առաջ պատրաստուած է, երկրորդը «Եախունթ» տիպի հրթիռներ ու ռատարներ կը պարունակէ, իսկ երրորդը ռազմավարական պահեստի պահեստանոց` հրթիռներու եւ զէնք-զինամթերքի, որոնք ծայրայեղ պարագաներու օգտագործման համար պատրաստուած են:


