Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Բրիտանական «Տը Սան» Օրաթերթին. Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Թմրեցուցիչի Օգտագործման Փաստեր Գոյութիւն Ունին

July 15, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բրիտանական խորհրդարանի երկու պալատներուն` խորհրդարանին եւ Լորտերու պալատին մէջ լայնածաւալ կերպով թմրեցուցիչի օգտագործման փաստեր գտած է:

Օրաթերթը նշեց, որ իր ծպտեալ լրագրողները խորհրդարանի շէնքին ինը տարբեր լուացարաններու, երեսփոխաններու գրասենեակներէն քանի մեթր անդին գտնուող օթեակներու եւ խորհրդարանի այցելուներու համար անհասանելի բաժիններուն մէջ քոքայինի հետքեր գտած են:

Քոքայինի հետքեր գտնուած են նաեւ Թայմզ գետին վրայ գտնուող խորհրդարանի հիւրընկալութեանց ձեռնարկներուն ծառայող գինետուներուն հասարակաց կոյուղիին մէջ: Արդիւնքները մտածել կու տան, որ այդ թմրանիւթը կանոնաւոր կերպով կ՛օգտագործուի խորհրդարանին եւ Լորտերու պալատին մէջ, ուր զայն օգտագործողները կը շրջանցեն օդակայաններուն մէջ ապահովական միջոցառումներու համազօր ապահովական մանրամասն քննութիւններն ու ապահովական անձնակազմի եւ ոստիկանութեան 500 անդամներէ բաղկացած ուժը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ խորհրդարանի լուացարանները կանոնաւոր կերպով մաքրութեան կ՛ենթարկուին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ իր լրագրողներուն յայտնաբերած քոքայինը օգտագործուած է մաքրութենէն ժամեր առաջ: Քոքայինի հետքերը գտնուած են ձեռքերը չորցնելու մեքենաներուն եւ լուացարաններու այլ վայրերուն մէջ` օգտագործելով մեքենայ մը, որ 95 առ հարիւրով վստահելի է, եւ բրիտանական ոստիկանութեան, ինչպէս նաեւ մաքսային ու բանտերու իշխանութիւններուն կողմէ կ՛օգտագործուի:

«Տը Սան»-ի լրագրողները, ներքին աղբիւրներէ տեղեկութիւններ ստանալէ ետք քոքայինի հետքեր գտած են կիներու յատկացուած երեք լուացարաններու մէջ, այր մարդոց մէկ լուացարանի մէջ, իսկ Լորտերու պալատին մէջ լուացարանի աթոռի մը վրայ:

 

Նախորդը

Թրքական Խորհրդարանը «Յեղաշրջումները Արդարացնող» Օրէնք Մը Կը Բարեփոխէ

Յաջորդը

Լաթաքիոյ Մէջ Անցեալ Շաբաթ Տեղի Ունեցած Պայթումը Իսրայէլեան Յարձակում Մըն Էր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.