Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 12, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն պայթումը պատգամ մըն է, որ կրնայ շարունակուիլ:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը բանակի նոր հրամանատար մը նշանակելու մտադրութիւն չունի, իսկ խորհրդարանը պէտք է անդրադառնայ երկրին մէջ ստեղծուելիք բացին:

ԿԸ նախատեսուի, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւն մը կազմէ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն պայթումը կրնայ կատարուած ըլլալ ականի մը միջոցով եւ ոչ թէ ականուած ինքնաշարժի մը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ամառնային փառատօնները պիտի շարունակուին Ռամատանէն ետք` օգոստոս ամսուան ընթացքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը օր մը օրանց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս չեն կազմած, որպէսզի անկէ անջատուի:

ՄԱԿ կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերջ տալու Սուրիոյ տագնապին իր միջամտութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ մեկնեցաւ Հռոմ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը գործադրեն ամերիկեան-իսրայէլեան եւ Ծոցի երկիրներու յատուկ ծրագիր մը, որուն նպատակն է Հըզպալլան մեկուսացնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին հետ միշտ ալ իբրեւ համախմբում վարուած է եւ ոչ թէ իբրեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր պատասխանատուներուն կողմէ լուրջ կեցուածք որդեգրելու կարիք կը զգացուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամէն կը պահանջուի Լիբանանը փրկել այն ճահիճէն, որուն մէջ կը գտնուի ինք:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանի մէջ կարելի եղած է առաջքը առնել երկու պայթումի, որոնցմէ մէկը անձնասպանական գործողութիւն մը պիտի ըլլար:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պահանջը պիտի չկատարուի, որովհետեւ այդ պաշտօններուն պարագային ստեղծուելիք դատարկութիւնը հակառակորդ ուժերուն շահերուն կը ծառայէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը տակաւին կառչած կը մնան իրենց պահանջներուն, որոնց վարչապետ Թամմամ Սալամ չի կրնար ընդառաջել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ յայտնեց, որ Պքերքէի հետ Հըզպալլայի յարաբերութիւնները շատ դրական վիճակի մէջ են` աւելցնելով, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած վերջին հաղորդագրութիւնը իրենց դէմ չէ ուղղուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պաալպեք-Հերմելի մէջ հաշիշով ցանուած դաշտերը փճացնելու լուրջ արշաւ մը պիտի սկսի յառաջիկայ 22 յուլիսին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները այդքան ալ վատ չեն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սայտայի մէջ սադրանքներու նախապատրաստող կողմերը նոյն սադրանքները պիտի փափաքին նիւթել նաեւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ:

ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ պատասխանատուներ մտահոգութիւն յայտնած են, որ Լիբանան մխրճուի շրջանային տագնապներու եւ բախումներու մէջ:

ԸՍՏ «Սի. Այ. Էյ.»-ի, Քայիտա Լիբանան ուղարկած է 16 թոն պայթուցիկ նիւթ:

Նախորդը

«Եգիպտոսի Յաջորդ Կառավարութիւնը Համաձայնական Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Պեպլաուի

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Զգաստ Ըլլալու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.