Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եգիպտոսի Յաջորդ Կառավարութիւնը Համաձայնական Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Պեպլաուի

July 12, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հազեմ Պեպլաուի

Եգիպտոսի ժամանակաւոր վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի յայտարարեց, որ Եգիպտոսի յառաջիկայ կառավարութիւնը համաձայնական պիտի չըլլայ` նշելով, որ ինք արգելք չունի, որ Իսլամ եղբայրներու անդամներ մաս կազմեն կառավարութեան:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պեպլաուի որոշած է Իթթիհատիյա նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը աւարտելէ ետք, յառաջիկայ շաբաթ իր աշխատանքին սկսիլ վարչապետարանին մէջ, ուր պիտի գլխաւորէ նոր կառավարութեան առաջին նիստը:

Եգիպտոս երէկ ողջունեց Միացեալ Նահանգները, որ պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի իշխանութիւնը «ոչ ժողովրդավար» նկատելով «որոշ հասկացողութիւն» ցուցաբերած է:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատըր Ապտելաթի յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնները ամերիկեան կողմէն Եգիպտոսի մէջ քաղաքական զարգացումներուն եւ վերջին օրերու դէպքերուն նկատմամբ որոշ հասկացողութիւն մը կ՛արտացոլեն, թէ այդ զարգացումները 30 յունիս 2013-ին իրենց օրինական իրաւունքները եւ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ պահանջող տասնեակ միլիոնաւոր եգիպտացիներուն կամքին մարմնաւորումն են»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին պիտի գործադրեն «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ Եգիպտոսին յանձնելու ծրագիրը, հակառակ այդտեղի քաղաքական կացութեան:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա առնչակից կառավարական բոլոր մարմիններէն պահանջած է Եգիպտոսի բոլոր օժանդակութիւնները վերատեսութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ «Ամերիկա տակաւին կառչած կը մնայ Եգիպտոսի հետ պաշտպանութեան մարզի իր յարաբերութիւններուն»:

Լաւրով. «Միջին Արեւելքի Եւ Իսլամական
Աշխարհի Կայունութիւնը Կախեալ Է
Եգիպտոսի Կացութենէն»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Իսլամական աշխարհի կայունութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է Եգիպտոսի կացութեան զարգացումէն` աւելցնելով, որ Մոսկուա Եգիպտոսի եւ ամբողջ շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանումով հետաքրքրուած է:

Լաւրով նշեց, որ եգիպտացիները իրենք պէտք է իրենց ճակատագիրը որոշեն` ներքին համապարփակ երկխօսութեան մը ճամբով: Ան յայտնեց, որ ռուս-եգիպտական յարաբերութիւնը այս կամ այն կառավարութեան գոյութենէն կախեալ չէ, եւ յոյս յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ թափանցիկ եւ յաջող ընտրութիւններ տեղի ունենան:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ «եգիպտական բանակը ազգայնասէր բանակ մըն է, որ երկրին ազգային շահերը կը պաշտպանէ»` նշելով, որ «եգիպտացի ժողովուրդը ինք կ՛որոշէ իր ճակատագիրը»:

Նախորդը

ՄԱԿ Ընդունած Է Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Հարցերը Քննարկելու Դամասկոսի Հրաւէրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.