Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

May 31, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս երէկ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով ժամանած էր Հայաստան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստին:

Ս. Էջմիածինի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը դիմաւորելէ ետք, միաբաններու թափօրը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին առաջնորդեց Մայր տաճար, ուր կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք: Ապա Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ողջոյնի խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` ըսելով. «Փառք կու տանք մեր երկնաւոր Տիրոջ, որ պարբերաբար առիթներ կ՛ընծայէ մեզի հանդիպելու, միասին քննարկելու մեր ազգը, մեր եկեղեցին յուզող հարցերը եւ նաեւ միասնաբար աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած մեր ժողովուրդի, մեր հայրենիքի բարօրութեան համար»:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս վստահութիւն յայտնեց, որ միացեալ հանդիպումներն ու աղօթքները, միասնական յորդորն ու պատգամը խրախոյս եւ քաջալերանք են հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար` աւելի նախանձախնդրօրէն փարելու մեր հայրերու հաւատքին եւ շէնցնելու Առաքելական Ս. եկեղեցին: Գարեգին Բ. կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրեց Միածնաէջ տաճարին մէջ իր յորդորը եւ պատգամը ուղղելու ներկայ հաւատացեալներուն եւ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, ուրախութիւն յայտնելով Ս. Էջմիածինի մէջ գտնուելուն համար, մասնաւորաբար նշեց. «Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ ահաւասիկ անգամ մը եւս այս հոգեպարար առիթը ընծայեց ըլլալու Ս. Էջմիածինի խորախորհուրդ կամարներուն ներքեւ, ուր դարեր շարունակ մեր պապերը աղօթած են եւ իրենց հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ մեր ժողովուրդին կեանքը բարձրացուցած ու պայծառակերպած: Ամէն անգամ, երբ կը գտնուիմ Հայաստանի հողին վրայ, Ս. Էջմիածինի խորհուրդին մէջ, քիչ մը աւելի կը զօրանամ իմ հոգեւոր առաքելութեանս մէջ, որովհետեւ Ս. Էջմիածինը կը պատկանի ամբողջ հայութեան,  Հայաստանը կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Մեր հայրենիքը մէկ է, մեր եկեղեցին մէկ է, մեր մշակոյթը մէկ է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մէկ է: Այս միասնական ոգին մենք պէտք է աւելի ամրապնդենք»:

Նախորդը

ԱՐՄԷՆ ԵԳԱՆԵԱՆ` ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ

Յաջորդը

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀՅԴ – ՍԴՀԿ – ՌԱԿ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։