Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Ամերիկեան Ազգերու Միութիւնը Եւրոպայէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

July 11, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էւօ Մորալես

«Վրեմիա»` վկայակոչելով «Թելեսիւր» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Հարաւային ամերիկեան ազգերու միութեան (ԵՈՒՆԱՍՈՒՐ) շարք մը երկիրներու ղեկավարներ համաձայնած են Պոլիվիոյ նախագահ Էւօ Մորալեսը փոխադրող օդանաւին հետ կապուած միջադէպը հետաքննելու յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայէն պահանջած են դէպքին կապակցութեան հրապարակաւ ներում հայցել:

Պոլիվիոյ Քոչապամպա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակիցները քննադատած են եւրոպական երկիրները հիմնարար արժեչափերու, միջազգային իրաւունքի եւ պետութիւններու ղեկավարներու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներու խախտման համար, կ՛ըսուի հանդիպումին որդեգրուած հաղորդագրութեան մէջ, զոր կարդացած է Պոլիվիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Չոքէուանքա:

Ըստ փաստաթուղթին, ՄԱԿ-էն եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններէն կը պահանջուի միջազգային համաձայնագիրներու խախտման վերաբերեալ համապատասխան յայտարարութիւն հրապարակել:

ԵՈՒՆԱՍՈՒՐ-ի ներկայացուցիչները նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցած են ստեղծելու յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս պիտի կազմեն այս կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները, եւ որ պիտի կատարէ «բոլոր անհրաժեշտ խնդիրները»` դէպքին հանգամանքները յստակացնելու համար:

Հանդիպումին մասնակցած են Արժանթինի, Պոլիվիոյ, Վենեզուելայի, Սուրինամի, Ուրուկուէյի եւ Էքուատորի նախագահները: Պրազիլը մասնակցած է արտաքին գործոց փոխնախարարի մակարդակով, իսկ Փերուի, Չիլիի եւ Քոլոմպիոյ ղեկավարները չեն մասնակցած:

Ժողովին մասնակիցները Եւրոպայէն պահանջած են ներում հայցել, իսկ Էքուատորի նախագահ Ռաֆայէլ Քորէա յայտարարած է, որ եթէ այդպիսի բան Միացեալ Նահանգներու կամ եւրոպական որեւէ երկրի նախագահի հետ տեղի ունենար, ապա ատիկա կրնար նոյնիսկ պատերազմի պատճառ դառնալ:

Յիշեցնենք, որ Մոսկուայէն թռիչք կատարած Պոլիվիոյ նախագահի օդանաւը ստիպած էին Վիեննայի մէջ էջք կատարել, որովհետեւ Ֆրանսան ու Փորթուգալը անսպասելի կերպով չէին արտօնած օդանաւին թռիչքը իրենց երկիրներուն օդային տարածքին մէջ:

Հաղորդուած էր, որ Աւստրիոյ մէջ օդանաւը խուզարկութեան ենթարկուած է ոստիկաններու կողմէ, որոնք օդանաւին մէջ փնտռած են «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընը:

Նախորդը

Մխիթարեան Տորթմունտի Մէջ Կը Բանայ Կոլերու Հաշիւը

Յաջորդը

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Ֆրանսայի Իսլամներուն Մեծամասնութիւնը Կը Քուէարկէ Ի Նպաստ Ձախակողմեաններուն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.