Երէկ Պորուսիա Տորթմունտ բարեկամական մրցում մը կատարեց զուիցերիական Պազելի հետ: Պորուսիա Տորթմունտի հիմնական կազմին մէջ ներառուած էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Ասիկա Մխիթարեանի առաջին մրցումն էր Տորթմունտի հետ` անոր փոխանցումէն ետք:
Մրցումի առաջին կիսախաղին Մխիթարեան ուշադրութիւն գրաւեց կոլով եւ կոլային փոխանցումով:
Մխիթարեան հանդիպման 11-րդ վայրկեանին փոխանցում կատարեց Մարքօ Ռոյսին, որ գնդակը ուղարկեց դէպի բերդ: 15 վայրկեան ետք Մխիթարեան դիպուկ հարուածով գնդակը ուղարկեց մրցակիցին բերդը` արդիւնքը դարձնելով 2-1:


