
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ լիբանանեան քարիւղի հանքերուն դէմ յարձակելու իր ախորժակները սրած է:
Պասիլ ընդգծեց, որ Իսրայէլ բացայայտած է քարիւղի հանք մը, որ Լիբանանէն չորս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
Պասիլ նշեց, որ տեսականօրէն ասիկա կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ կրնայ հասնիլ լիբանանեան քարիւղի հանքերուն:
Պասիլ հաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը արտակարգ նիստ մը գումարէ եւ քարիւղի հանքերու պեղման ժամկէտները ճշդէ, որպէսզի կանխարգիլէ Լիբանանի բնական հարստութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:


