Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ այցելեց Շամաա գիւղաքաղաքը, ուր շեշտեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ապահովել կարենալու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն յաջողութիւնը:
Զօր. Սերրա դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը եւ անոնց բազմաթիւ իրագործումները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն հետ անոնց յարաբերութիւնները պահպանելու իմաստով:


