Երէկ կէսօրէ ետք, Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Լայլաքի շրջանին մէջ Զաայթեր եւ Հժուլա ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ:
Ապա զինեալ բախումները սաստկացան եւ հասան «Պէ. 7» եւ «էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետերով բախումներու, ինչպէս նաեւ հրասանդերու արձակումի:
Զինեալ բախումներուն սաստկացումէն ետք, Լայլաքիի բնակիչները կոչ ուղղեցին բանակին միջամտելու Հարաւային արուարձաններուն մէջ ընթացող բախումներուն եւ վերահաստատելու ապահովական կայունութիւնը:
Բանակէն ջոկատ մը անմիջապէս ուղղուեցաւ դէպքին վայրը եւ շրջափակեց Լայլաքիի շրջանը, ուր հալածեց զինեալները, որոնցմէ կրցաւ երկու հոգի ձերբակալել:
Բանակին Լայլաքի մուտքին շնորհիւ զինեալ բախումները շուտով վերջ գտան, սակայն բնակիչներէն ոմանք նախընտրեցին այդ շրջանէն ժամանակաւոր կերպով փախուստ տալ:


