Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելով Չէ, Որ Բանակին Զոհողութիւնները Պատմութեան Մէջ Կ՛ամրագրուին» Շեշտեց Զօր. Աուն

June 26, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումին ընթացիկ նիստին, յայտնեց, որ Սայտայի մէջ պատահածը լուրջ էր եւ վտանգաւոր` աւելցնելով, որ Սայտայի մէջ բանակի շարքերէն ինկած նահատակները խոր կսկիծ պատճառած են իրենց:

«Ահմետ Ասիրի կողմէ բանակի սիւննի անդամներուն ուղղուած անջատուելու կոչերէն ետք Լիբանանի մէջ գտնուած են իմաստուններ, որոնք ըմբռնած են այդ կոչերուն իմաստն ու տարողութիւնը եւ պաշտպանած բանակն ու քաջալերած զայն», ըսաւ զօր. Աուն:

Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութեան, թէ անհրաժեշտ է երկարաձգել բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը, զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով չէ, որ բանակին զոհողութիւնները պատմութեան մէջ կ՛ամրագրուին` շեշտելով միաժամանակ, որ իրենք ընդհանրապէս պաշտօնավարութեան երկարաձգման գաղափարին դէմ են:

Զօր. Աուն աւելցուց, որ Սայտայի մէջ պատահածը վատ ըլլալուն կողքին նաեւ դրական էր, որովհետեւ անիկա եղած էր առիթ մը, որպէսզի լիբանանեան բանակը փաստէ ինքզինք եւ ուսանելի դաս մը տայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին բանակին դէմ նման ոճրային արարքներ գործել:

Ան նշեց, որ ազգային պատկանելիութիւնը կարեւոր է եւ ոչ թէ քաղաքականը` աւելցնելով, որ եթէ Ահմետ Ասիրի հարցը ի սկզբանէ լուծուած ըլլար, ապա անիկա նման աւարտ մը չէր ունենար:

«Բանակին դէմ յարձակումը դատապարտելու պարագային կարելի չէ վերապահ ըլլալ, իսկ բանակին դէմ յարձակողը պէտք է դատավարութեան ենթարկուի եւ բանտարկուի: Ոչ ոք իրաւունք ունի բանակին դէմ կրակ բանալու», շեշտեց զօր. Աուն:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահին կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Արաբական լիկային յղուած բողոքագիրին` զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք ատիկա սխալ կը նկատեն եւ ոչ թէ դաւաճանութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հարաւային Արուարձանները Վերածուեցան Զաայթեր Եւ Հժուլա Ընտանիքներու Զինեալ Բախումներուն Մարտադաշտին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.