
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որմէ իմացաւ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած վնասներուն տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ բացուած կրակին հակադարձելու իմաստով բանակին ստացած ցուցմունքներուն եւ որդեգրած քայլերուն մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ելեւմուտքի նախարարութեան աշխատանքներն ու պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումի սրբագրութեան կարեւորութիւնը` նախքան այս թղթածրարին խորհրդարան փոխանցումը:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Ժոզեֆ Հաշեմ եւ ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար դատախազ Սամիր Համմուտ:


