
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սամիր Ժսըրը եւ Մոհամետ Քապպարան, որոնց հետ քննարկեց քաղաքին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` վերահաստատելու համար քաղաքին ապահովական կայունութիւնը:
Ժսըր եւ Քապպարա հաստատեցին, որ բանակին նեցուկ կանգնող միակ կողմը, որ անոր կը շնորհէ իր լիիրաւ իրաւունքները, Լիբանանի կառավարութիւնն է:
Քապպարա հաստատեց, որ այս անգամ առաւելագոյն լրջութիւն որդեգրուած է Թրիփոլիի կայունութիւնը հաստատելու առումով:


