Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախագահական պալատէն կատարած յայտարարութեան մէջ վիճարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը 17 ամիսով երկարաձգելու որոշումը սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարական վարչակարգին հետ կը հակադրուի:
Ան յոյս յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը ամէնէն արագ միջոցին իր որոշումը տայ վիճարկումին գծով:
Միւս կողմէ, Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման շեշտեց, որ խորհուրդը այսօր իսկ պիտի սկսի քննարկելու վիճարկումը` աւելցնելով, որ խորհուրդը առաւելագոյնը մէկ ամիսէն յստակ որոշում մը պէտք է տայ վիճարկումին մասին:
Սլէյման յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին որոշումները կը տրուին քուէարկութեամբ` յայտնելով, որ խորհուրդի անդամ տասը դատաւորներէն նուազագոյնը 7-ն պէտք է քուէարկեն: Ան աւելցուց, որ եթէ եօթը քուէ չգոյանայ, ապա խորհուրդը չի կրնար որոշում տալ եւ ինքնաբերաբար խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին որոշումը կը գործադրուի:
Նշենք, որ շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան Միքաթիի յայտարարած երկխօսութեան նիստի վերսկսելու նախաձեռնութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:



