Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Էհտենի մէջ ձերբակալած է Մոհամետ Պաշիր Մուսան եւ Սաատ Մոհամետ Մուսան, որոնք «Քիա Փիքանթօ» տիպի ինքնաշարժով մը գնդացիրներ, հրթիռներ, նռնականետեր եւ հեռադիտակներ կը փոխադրէին:
Ձերբակալեալներն ու գրաւուած զինամթերքը յանձնուեցան համապատասխան մարմիններուն:
Ըստ անպաշտօն տեղեկութիւններու, հարցաքննութեան ընթացքին Մոհամետ Մուսա յայտնած է, որ ինք զէնքերը կը ստանայ Պշարրէէն` Էլի Ս. անունով լիբանանցի քաղաքացիի մը կնոջ միջոցով:
Միւս կողմէ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Պաալպեքի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումներ արձանագրուած են, երբ վերջինիս անդամները Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները անակնկալի բերած են` անոնց կողմէ մարտկոցներ լարելու ընթացքին: Ժապհաթ Նուսրայի շարքերուն մէջ արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:


