
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ իր եղբօր` նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 26-րդ տարելիցին առիթով շաբաթ օր արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ յարանուանական բախումները անէծք են` ցաւ յայտնելով Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ արձանագրուած բախումներուն համար:
Ան կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակիչներուն իրենց զէնքերէն հրաժարելու եւ Թրիփոլին չլքելու:
Քարամէ հաստատեց, որ Թրիփոլիի բնակիչներուն հարցերուն լուծումը պէտք է գայ միայն պետութենէն ու պետական հաստատութիւններէն եւ կոչ ուղղեց չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու:
Քարամէ հաստատեց, որ Լիբանանը կարելի է փրկել միայն արդի ընտրական օրէնքով, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
Քարամէ կոչ ուղղեց Թաէֆի համաձայնագիրը յարգելու եւ ազգային փրկութեան կառավարութիւն կազմելու` պահպանելու համար օրինական հաստատութիւններուն մնացորդացը:
ՆՇԵՆՔ, որ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 26-րդ տարելիցին առիթով Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Քարամէի նահատակութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնն ու յարգանքը կը դրսեւորուին զայն սպաննողները դատավարութեան ենթարկելով:


