Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանսուր. «Ապահովութեան Խորհուրդին Պիտի Բողոքենք Իսրայէլեան Թռիչքներուն Դէմ»

June 3, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ մինչեւ կէսօր ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ գործեց Մերժահիունի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Խիամի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի վերեւ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրէն պահանջեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցել բողոքի նամակ մը` դատապարտելու համար Լիբանանի օդային սահմանները խախտելու եւ երկրին գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելու իսրայէլեան արարքները:

Մանսուր իր կարգին շեշտեց, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւնները նորութիւն չեն նկատուիր` աւելցնելով, որ անոնք մաս կը կազմեն Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուած մնայուն բռնարարքներուն:

Մանսուր շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սպառնալիքները եւ ընդվզեցնող քայլերը Դիմադրութեան կամքը պիտի չտկարացնեն, ընդհակառակն` անոնք պատճառ պիտի դառնան Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուշացումին:

Մանսուր հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ այս ոտնձգութիւնները կը կատարուին միջազգային ընտանիքին վկայութեամբ` նկատել տալով միաժամանակ, որ անոնք կը խախտեն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

Մանսուր շեշտեց, որ ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահին ցուցմունքներուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի նամակ մը պիտի յղէ Ապահովութեան խորհուրդին եւ զայն տեղեակ պահէ Իսրայէլի գործած յարձակումներուն մասին:

 

Նախորդը

«Խորհրդարանը Իր Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգած Է Հակառակ Ժողովուրդի Կամքին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Օմար Քարամէ. «Յարանուանական Բախումները Անէծք Են»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.